Արժանթինահայ Լուգաս Պալեան Քորտոպայի Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամ


Գորդոպայի մէջ տեղի  ունեցած է Լուգաս Պալեանի երդման արարողութիւնը` որպէս քաղաքային խորհուրդի անդամ: Ան երիտասարդ քաղաքական գործիչ է, Արմատական քաղաքացիական կուսակցութեան անդամ, որ այսօր «Միասին յանուն Գորդոպայի» ընտրական դաշնութեան մաս կը կազմէ:

Այս մասին ըստ «Հայերն այսօրի»` կը յայտնէ «Տիարիօ Արմէնիա» կայքը: Երդման արարողութիւնը տեղի  ունեցած է նահանգային մայրաքաղաքի նստավայրին մէջ, ուր Պալեան իր գործունէութիւնը պիտի  ծաւալէ 2015-2019 թթ. ընթացքին:

Լուգաս Լէոնարտօ Պալեան ծնած է Գորդոպայի մէջ 1976 թ. Յունուար 24-ին: 2000 թ. ստացած է Գորդոպայի կաթոլիկ համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու արտօնագիր: Մագիստրոսի կոչում  ստացած է պետական կառավարման ազգային համալսարանէն, քաղաքականութեան դասաւանդման ազգային համալսարանէն, կառավարման ազգային դպրոցէն, ինչպէս նաեւ Թրեխօ եւ Սանապրիա համալսարանական քոլեջի լրագրողական դպրոցէն` ստանալով քաղաքական լրագրողի վկայական:

Ներկայիս կ’ուսանի Վիյա Մարիայի անուան ազգային համալսարանի անվտանգութեան քաղականութեան բաժինի մագիստրատուրային մէջ:
2004-2006 թթ. եղած է նահանգային արմատական երիտասարդական կոմիտէի նախագահ: Եղած է նաեւ Վիյա Մարիայի անուան ազգային համալսարանի անվտանգութեան բաժինի դասախօս  եւ մասնակցած է բազում սեմինարներու նշուած բարձրագոյն կրթական հաստատութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու մէջ:
Բացի իր քաղաքական գործունէութենէն, Լուգաս Պալեան 2014 թուականէն կը հանդիսանայ Գորդոպայի հայ համայնքի տնօրէններու խորհուրդի անդամ:

2015-ի Դեկտեմբեր 30-ին Լուգաս Պալեան Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է տարուան եզրափակիչ ձեռնարկին, ուր ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ամփոփումը Գորդոպայի եւ աշխարհի մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.