«Եղեռնապատում Սեբաստիոյ» գիրքը թարգմանուած է ռուսերէնի


Սեբաստիայէն տեսարան մը (Franz et Eugène Cumont, Studia Pontica, II, Voyage d’exploration archéologique dans le Pont et la Petite Arménie, 

 

Երեւանի Մատենադարանին մէջ Փետրուար 17-ին կայացած է Կարապետ Գաբիկեանի «Եղեռնապատում Սեբաստիոյ» գրքի ռուսերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը: Գիրքը հայերէնէ ռուսերէնի թարգմանած է Քնարիկ Տէր-Դաւթեանը, որ բանասիրութեան դոկտոր է եւ հեղինակ է 2 տասնեակ գիրքերու:

Գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է 1924 թուականին Պոսթընի մէջ: Հեղինակն է գիտնական, փիլիսոփայ եւ մանկավարժ Սեբաստացի Կարապետ Գաբիկեանը, որ Մեծ եղեռնի վերապրողներէն է եւ ականատեսն է Հայոց գողգոթային։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք «Եղեռնապատում Սեբաստիոյ» գրքէն հատուած մը։

* * *

 Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԻ ԿԱՐԱՒԱՆԸ

 Ամերիկեան վարժարանի աշակերտուհի՝ Հայկանուշ Զառացեանի պատմածներէն.

«Երբ որ մեր կարաւանը Հասան – Չէլէպի հասաւ, բոլոր էրիկմարդիկը, մինչեւ 10 տարեկան տղաքը ժողվեցին տարին: Վերջէն լուր եկաւ թէ՝ մարդ գլուխ 5 ոսկի տուողը թող պիտի տան. չտուողները պիտի սպաննեն: Շատ կնիկներ ունեցած-չունեցած դրամ, ոսկի, առին տարին, շատերը կրցին իրենց մարդիկը ազատել: Շատեր ալ դրամ չունէին, եւ շատ մարդ վար դրին: Ասոնց կնիկները կþաղաղակէին, կը պաղատէին որ իրենց մարդիկը թող տրուին. կենդանակերպ քիւրտեր, դաժան-դահիճ ժանտարմաներ թուրեր-նաճախներ ձեռքերնին շրջապատած էին մեր մարդիկը: Տեսնելով որ ասոնցմէ դրամ կարենալ առնելու յոյս չկայ, շատ մը ձիու պայտեր, գամեր բերին, ասոնց ոտքերը սկսան պայտել. ձեռքերնին հաւատամք բռնել տուած՝ իրար կը գամէին:

Անպատմելի էր մէկ կողմանէ զոհերուն աղիողորմ ճիչերը, աղաղակները, միւս կողմանէ կնիկներուն լաց ու կոծը, վայնասունը: Արիւնը ոտքերնուն, ձեռքերնուն աղբիւրի պէս կը վազէր. մինչդեռ եղկելիները ասանկ կը տանջուէին, անգութ դահիճները կþըսէին անոնց. »Ի՞նչ կայ համբերեցէք, չէ՞ որ ձեր Քրիստոսն ալ ասանկ ձեռքերէն, ոտքերէն գամեցին, անիկա բնաւ չէր տրտնջար:

Վերջէն մեծ քանակութեամբ չոր խոտ բերին, թիթեղ մըն ալ կազ. խոտը աս խեղճերուն բոլորտիքը դիզեցին, կազը վրան լեցուցին, կրակ տուին բռնկեցուցին: Կնիկներն ալ շրջանակաձեւ բոլորտիքը կեցուցին. կանանչ-կարմիր բոցերը կը լափէին կալանաւորները, կնիկները խելագարած, ոմանք ինքզինքնին պատառ – բզիկ կþընէին, ոմանք գլխնուն, կուրծքերնուն կը ծեծէին, ոմանք մարած, ուշքերնին անցած կþիյնային. շատեր ալ ձեռքերովնին երեսնին կը ծածկէին որ չտեսնեն այս ահռելի տեսարանը, որ ճշմարիտ դժոխք մըն էր:

»Դահիճները մէյ մէկ սադայէլներ, կը բռնադատեն կնիկները որ երեսնին չծածկեն, նային. ի՜նչ զուարճալի բան է ըսելով՝ դժոխքին բոլորտիքը պար բռնած, դիւային ուրախութեամբ կը զուարճանային: Մառխի պէս մլուլ-մլուլ կը վառէին մարդիկը , ճենճահոտը աշխարք բռնած էր. ամէնքը այրեցան, մոխիր եղան»:

 ԿԱՐԱՊԵՏ ԳԱԲԻԿԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.