Մեհմեթ Շիւքրի. Թուրք մը որ հայացած էր եւ դարձած Յովհաննէս Աւետարանեան


Յովհաննէս Աւետարանեան (30 Յունիս 1861 – 11 Դեկտեմբեր 1919) ծննդեան անունով Մեհմեթ Շիւքրի։ Ըստ իր ինքնակեսնագրութեան, Մեհմեթ Շիւքրի իսլամ կրօնքի հիմնադիր Մուհամետ մարգարէի շառաւիղ՝ իսլամ թուրք մըն էր։ Ան թուրք իսլամ հոգեւորական մըն էր‚ որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց եւ հետագային դարձաւ Չինաստանի Հարաւային Քսինեանկի մէջ շուէտական Mission Covenant Church-ի միսիոնար մը։ Ան Նոր Կտակարանը թարգմանած է ուղուրերէնի։ Քսինեանկի մէջ շուէատական աւետարանական առաքելութեան մը մէջ քրիստոնէութիւն քարոզած է։

Աւետարանեան ծնած է Էրզրում 1861-ին‚ իսլամ ընտանիքի մը մէջ։ Անոր մայրը խուլ‚ կոյր ու համր էր եւ մահացած է երբ Աւետարանեան միայն երկու տարեկան էր։ Անոր հայրը տէրվիշ մըն էր։

Ան իր անունը փոխեց հայկական Յովհաննէս Աւետարանեանի եւ քրիստոնեայ մկրտուեցաւ Թիֆլիսի մէջ 28 Փետրուար 1885-ին։

Իր ինքնակենսագրական «Իսլամ մը‚ որ քրիստոնեայ դարձաւ» գիրքին մէջ Աւետարանեան կը նշէ‚ որ ինք չէր գիտէր‚ որ Մուհամետ մարգարէի շառաւիղներէ է եւ տեղեակ դարձած է‚ երբ հօր հետ Էրզրում մեկնած է։ Այդ ճամբորդութեան ընթացքին Աւետարանեանն ու անոր հայրը կը կրէին կանաչ գոյնով փաթթոցներ‚ որոնք կրելու իրաւունքը միայն ունին Մուհամետի շառաւիղները։ Նախքան այդ ան այդ փաթթոցը կրած էր միայն մէկ անգամ՝ իր մանկութեան ընթացքին։

Ան առաջին անձն է շուէտական Mission Covenant Church-էն որ մնացած է Քաշկարի մէջ (1892)։ 1897-ին ան հեռացած է Քաշկարէն մտածելով‚ որ շուտով կը վերադառնայ‚ սակայն չէ վերադարձած։ Փոխարէնը ան գործած է Պուլկարիոյ մէջ German Orient Mission-ի հետ։ Այդտեղ սկսած է հրատարակել քրիստոնէական թրքերէն թերթ մը՝ «Կիւնեշ»ը‚ որ ցրուուած է Թուրքիոյ մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.