Գանատայի Պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ


Յունուար 10 ֊ի առաւօտեան Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաժան այցելեց Վանգուվըրի Հայ կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ։ Յանձնախումբի ներկայացուցիչները նախ շնորհաւորեցին Գանատայի Ազատական կուսակցութիւնն ու վարչապետը վերջին ընտրութիւններուն առիթով, որմէ ետք նախարարին փոխանցեցին Արցախեան հիմնահարցի գծով յանձնախումբի մտահոգութիւնները, յատկապէս շեշտելով վերջին շրջանի ատրպէյճանական կողմի հրադադարի խախտման յաճախակի դէպքերը։ Նախարարը խոստացաւ հարցին մասին խորհրդակցիլ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիոնի հետ։

Հանդիպումէն ետք, նախարար Սաժան ներկայ գտնուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութեան, որու ընթացքին խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց Վանգուվըր ներգաղթած սուրիահայ ընտանիքներուն։

Նախարարին հետ հարցազրոյց ունեցան Հայ կեդրոն ժամանած Գանատայի շարք մը լրատուամիջոցներ եւ հեռատեսիլի կայաններ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.