Հրանդ Մարգարեան. «Դժուար Է Վահանի Մասին Խօսիլ Անցեալով»


Տարի մը առաջ` 28 դեկտեմբերին, մահացաւ դաշնակցական քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:

28 դեկտեմբեր 2015-ին Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ, ուր ամփոփուած է մեծանուն գործիչին աճիւնը, ընկերները, հարազատները եւ մտերիմները յարգանքի տուրք մատուցեցին անոր անմեռ յիշատակին:

Դաշնակցական գործիչը ճանչցողները միաբերան ընդգծեցին, որ Վահան Յովհաննիսեան օժտուած էր մարդկային վեհ յատկանիշներով, սրամտութեամբ, սուր ու ճկուն միտքով:

«Կան մարդիկ, որոնք ֆիզիքապէս հեռու կրնան ըլլալ, բայց միշտ իրենց խօսքով, մտքով եւ հիւմըրով երբեք բացակայ չստանալ», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:

Խօսքը Վահան Յովհաննիսեանի մասին է: Մէկ տարի է, որ ան չկայ, բայց կը շարունակէ իր շուրջ համախմբել բոլորը, ինչպէս կենդանութեան օրերուն: Ան իր շուրջ կը համախմբէ թէ՛ սերնդակից մարդիկը, թէ՛ անոնք, որոնք չէին կիսեր իր քաղաքական հայեացքները, բայց կը լսէին Վահան Յովհաննիսեան մարդուն, ազգային, քաղաքական գործիչին ու մտաւորականին:

«Դժուար է Վահանի մասին խօսիլ անցեալով», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան:

Ան մեզի հետ չէ լոկ ֆիզիքապէս: Բացակայութիւն, որ կ՛ամբողջացնենք  տասնամեակներ շարունակ պահուող ու երբեք չհնացող յիշողութիւններով: Մարգարեան նշած է. «Մենք բանտային տարիներուն իրարու հետ «քսիֆներով» կը խօսէինք, ատիկա ծածկագիրի պէս բան մըն էր: Անգամ մը Վահանը «քսիֆ» կը գրէր, թէ Հրանդ, մի՛ վախնար` այստեղ եմ, ես ալ գրեցի` չեմ վախնար, որովհետեւ այստեղ ես»:

Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի խօսքով` Վահանը սորվեցուց, որ մահը սարսափելի չէ, սարսափելին անիմաստ ապրիլն է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.