Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած քայլերթ Երեւանի մէջ


Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը տօնեց 125 -ամեակը: Տօնական օրուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս դաշնակցութեան անդամները այցելեցին  «Եռաբլուր» պանթէոն, Քաղաքային պանթէոն` խնկարկում կատարելով ՀՅԴ հանգուցեալ գործիչներու յիշատակին:

Այնուհետեւ  Հանրապետութեան հրապարակէն մեկնարկեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն  կուսակցութեան ստեղծման 125-ամեակին նուիրուած քայլերթը դէպի Ազատութեան հրապարակ:

ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի խօսքով` երթը եւս մէկ առիթ էր` հասարակութեան իրենց շուրջ համախմբելու, ցոյց տալու, որ Դաշնակցութիւնը կազմաւորման օրուընէ առ այսօր կայ, կը գործէ եւ պիտի շարունակէ գործել այնքան ժամանակ` քանի դեռ չէ իրականացուցած իր հիմնական նպատակը, այն է` կերտել ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստան:

23049545833_24a8ee1be9_b

23048442654_84dbe70a37_b

23380921920_bbdc43cebc_b

23568045462_8934b89200_b


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.