Քեսապի Մերձակայ Զահի Լեռնագագաթը Ազատագրուած Է Սուրիական Բանակին կողմէ
Քեսապի մէջ Նոյեմբերի 21-ին ազատագրուած է կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Զահի լեռնագագաթը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման Քեսապի գործադիր մարմնի անդամ եւ Քեսապի հայ համայնքի մամլոյ խօսնակ Կարօ Մանճիկեան` աւելցնելով, որ լեռնագագաթը կը գտնուի Քեսապէն 12-15 քմ. հեռաւորութեան վրայ:
Ան նշած է, որ սուրիական բանակը ռուսական օդային ուժերուն հետ միասին քանի մը օր շարունակ ռմբակոծած է լեռնագագաթը եւ, արդիւնքով ազատագրած է զայն, ինչպէս նաեւ մերձակայ բլուրներն ու հովիտները: Մինչ այդ լեռնագագաթը կը գտնուէր զինեալներու վերահսկողութեան տակ, ուրկէ անոնք կը հրթիռակոծէին Քեսապի շրջանները:
Ինչ կը վերաբերի այժմ Քեսապի մէջ տիրող իրավիճակին, Մանճիկեան յայտնեց, որ բանակը կը շարունակէ զինեալներէն մաքրել Զահի լեռնագագաթի մօտ գտնուող հովիտները, խիտ անտառները:
Բացի Զահի լեռնագագաթէն, ազատագրուած են Քեսապէն 25-30 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող քանի մը ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կէտեր:
«Յուսանք, որ յառաջիկայ օրերուն աւելի ուրախալի լուրեր կ’ունենանք, որոնք պիտի նպաստեն մեր` Քեսապի մէջ աւելի ապահով ըլլալուն»,- նշած է Մանճիկեան` աւելցնելով, որ այս քայլը ապահովութեան երաշխիք կու տայ:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Քեսապ-Լաթաքիա ճանապարհը պիտի վերաբացուի, եւ ատիկա իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: Մինչ այժմ քեսապցիները կ՛օգտուին Քեսապ- Լաթաքիա տանող ծովերզերեայ ճանապարհէն:
Քեսապ սուրիական բանակին կողմէ ազատագրուած է 2014-ի Յունիս 15-ին, եւ բնակչութեան մեծ մասը վերադարձած է հոն: Քեսապի բոլոր հաստատութիւնները, տուները եւ բնակարանները առանց բացառութեան, վնասներ կրած էին: Քեսապի շրջանին վրայ յարձակումը սկսած էր 2014-ի Մարտ 21-ին` Թուրքիոյ սահմանի ութ կէտերէ: Յարձակումը իրականացուցած էին «Ճապհաթ ալ Նուսրա» եւ «Ժէյշ ալ Իսլամ» խմբաւորումները` Թուրքիոյ կառավարութեան անմիջական աջակցութեամբ: