Տինքի Սպանութիւնը Իրականացած Է Վեց Ոստիկաններու Հսկողութեամբ


1121samast

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը գրած է, թէ «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը եւ մինչեւ իսկ սպանութեան պահը, Տինքը սպաննելու հրահանգը գործադրած Օկիւն Սամասթի հետեւած են քաղաքացիական հագուստով վեց ոստիկաններ:

Այդ ոստիկաններէն վեցին ինքնութիւնը հաստատուած է փողոցներու եւ խանութներու հսկողութեան համար տեղադրուած տեսախցիկներով: Նշենք, որ քանի մը օր առաջ յստակացած է, թէ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը եւս նշած էր, որ Տինքի սպանութեան պահուն, այդ տարածքին մէջ եղած են յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներ, որոնք հետեւած են Տինքի սպանութեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.