Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին խօսքը» Գ. Եւ Դ. Հատորներու շնորհահանդէս

Կիրակի, 6 Օգոստոս 2017-ին, Թեմիս բարեջան առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան նախագահեց եւ քարոզեց Ս. եւ Անմահ Պատարագին Լաւալի Ս. Գէորգ կից՝ Bon Pasteur եկեղեցւոյ մէջ։

Պատարագէն ետք, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Խօսքը» երրորդ եւ չորրորդ գիրքերու շնորհահանդէսին։ Երկու հատորներուն ներկայացումը կատարեց Պրն. Համբիկ Գարայեան։ Շնորհահանդէսի աւարտին, Սրբազան Հայրը խօսք առնելով գնահատեց Պրն. Գարայեանը գիրեքերը ամբողջական կերպով ներկայացնելուն համար եւ շնորհաւորեց Բժիշկ Հարպոյեանի։

Գալով Բժիշկ Հարպոյեանի «Բժիշկին խօսքը» գիրքերու շարքին, «Բժիշկին Ա. Խօսքը» հրատարակուած է 2000 թուականին: Ապա 2011-ին հրատարակուած է իր երկրորդ աշխատասիրութիւնը՝ «Բժիշկին Բ. Խօսքը», ապա «Բժիշկին Գ. Խօսքը» 2015-ին եւ «Բժիշկին Դ. Խօսքը» , նաեւ 2015-ին:

«Բժիշկին խօսքը» շարքին կողքին, Բժ. Հարպոյեանի գրական գործերէն հարկ է յիշել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ 2015-ին հրատարակուած «Խաչելութեան Ճանապարհը» եւ «Խաչելութենէն Յարութիւն» հատորները:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան 2009-ին պարգեւատրուած է «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ «Համազգայինի Շքանշան»-ով՝ երկար տարիներ անսակարկ նուիրումով հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս Համազգայինի ծիրէն ներս աշխատած ըլլալուն համար:

Ան պարգեւատրուած է նաեւ Գանատայի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանի «ՅՈՎՀԱՆ ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻ» Ազգային եկեղեցական ծառայութեանց շքանշանով 27 սեպտեմբեր 2015-ին:

«Հորիզոն» շուտով կը հրապարակէ պրն. Գարայեանի գրախօսականը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.