Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Տիրացաւ Մատրիտի Մրցաշարքի Տիտղոսին


Garen_10-19-15

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am կայքը հաղորդեց, որ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ աւարտած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, գերազանց ելոյթ ունենալով եւ առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով, մրցաշարքին տիտղոսին տիրացաւ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան:

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը աւելցուց, որ այս մրցաշարքին Հայաստանէն կը մասնակցէր այլ կրանտմասթըր մըն ալ` Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ ապահովելով 7 կէտ, լրացուցիչ չափանիշներով գրաւեց 4-րդ դիրքը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.