Սուրիահայութեան ի նպաստ Մոնթրէալի նուիրահաքին գոյացաւ աւելի քան 27 հազար տոլար
Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան զօրակցութեան քայլերը ամրագրելու նպատակով, Քեպէգի Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ Մարմնին կազմակերպութեամբ, Սեպտեմբեր 12-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ կայացաւ ճաշկերոյթ նուիրահաւաք մը, որուն հասոյթէն գոյացաւ աւելի քան 27 հազար տոլար։
Նուիրահաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին երգիչներ, ասմունքողներ եւ երաժիշտներ։ Օրուան խօսքը փոխանցեց Մհեր Գարագաշեան, որ կոչ ուղղեց գանատահայութեան միասնական շարքերով շարունակելու սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները։ Խօսք առաւ նաեւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան։
Նշենք, որ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Համադրիչ Մարմնի աշխատանքները կը շարունակուին Գանատայի տարածքին։
Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Համադրիչ Մարմինը, կազմուեցաւ Գանատայի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու համախմբումով, որոնք լուռ եւ անտարբեր չէին կրնար մնալ, ի տես Սուրիահայութեան աղէտալի իրավիճակին, եւ այն բոլոր դժուարութիւններուն, որ Սուրիոյ Հայ համայնքը կը դիմագրաւէ այսօր:
Հիմնական նպատակը այս համախմբումին, շուտաթափոյթ ձեւով մարդասիրական եւ նիւթական նպաստներ առաքել է, Սուրիոյ տարածքին պատերազմական իրավիճակէն ազդուած ու տուժած հայութեան: