Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը յայտնաբերած է 1915-ի նոր լուսանկար մը


Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ կարելի եղած է ձեռք բերել 1915 թուականին պատկերահանուած անյայտ լուսանկարի մը բնօրինակը։ Լուսանկարը կը պատկերէ Տիարպեքիր քաղաքի փողոցներուն մէջ թափառող անօթեւան հայ որբերն ու անոնց հաց տուող աւստրիացի զինուորները։ Այդ մասին կը փաստէ լուսանկարի վրայ կատարուած գերմաներէն գրութիւնը։

 Ամէնայն հաւանականութեամբ, որբերը լուսանկարուած են գերմանացի զինուորներու կողմէ, որովհետեւ յայտնաբերուած է Գերմանիոյ մէջ։

Լուսանկարչական արխիւային բացառիկ նմոյշ մը՝ ցեղասպանութեան հետեւանքներու տեսարանով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.