Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Մաքսիմ Մանուկեան Պարտուեցաւ 1-16-րդ Հանգրուանին Իր Կատարած Մրցումին


Maxim-Manoukian_9-10-15

Ինչպէս ծանօթ է, Միացեալ Նահանգներու Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը:

Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ), որ 1-16-րդ հանգրուանին ճակատեցաւ Տէյվիտ Չեքվացէի դէմ (Ռուսիա), 5-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Մանուկեան յոյս ունէր պրոնզ մետալի մը տիրանալու, սակայն նկատի ունենալով, որ Չեքվացէ քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ, հայրենի ըմբիշը զրկուեցաւ այդ պրոնզ մետալին տիրանալու համար մղուելիք պայքարէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.