Թուրք-Ամերիկեան Նոր Դիմակախաղը


Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովը (անցեալ Ուրբաթ օր) վերահաստատեց վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուի կառավարութեան իրաւասութիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմաններէն ներս (եւ թրքական զօրքերու գործօն մասնակցութեամբ) պատերազմական գործողութիւններ ծաւալելու եւ միաժամանակ արտօնելու, որ նոյն նպատակով դաշնակից ուժեր ի հարկին տեղակայուին Թուրքիոյ մէջ: Խորհրդարանի արտահերթ նիստով քուէարկուած այս որոշումը մեծ յաղթանակ մը պէտք է համարել նախագահ Էրտողանի ծաւալապաշտ քաղաքականութեան համար եւ միաժամանակ մեծ հարուած մը՝ քրտական շարժման: Հակառակ սահմանափակ լիազօրութիւններով գործող վարչապետ Տաւութօղլուի ժամանակաւոր դահլիճի փխրուն կարգավիճակին՝ այս կարեւոր որոշումը կը հանդիսանայ առաջին տէ ֆաքթօ վստահութեան քուէն, զոր Էրտողան եւ Տաւութօղլու խլեցին այն իսկ խորհրդարանէն, ուր AKP ենթադրաբար կը գործէր խախուտ մեծամասնութեամբ…

Փաստօրէն քուէներու հաշիւը ցոյց կու տայ, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները ի վերջոյ անկարող գտնուեցան միացեալ ճակատով հակազդելու Տաւութօղլուի (իմա՝ Էրտողանի) այս նախաձեռնութեան գիտնալով հանդերձ, որ AKP-ի քաղաքականութեան տրուած այս նոր լիազօրութիւնը էապէս պիտի պատրաստէ Էրտողանի վճռական յաղթանակը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ: Մեծ ձեռնթափութիւն մը արդարեւ՝ ընդդիմադիր ճակատին համար: Ինչո՞վ բացատրել ընդդիմութեան այս ճակատագրական թուլութիւնը:

Իրականութեան մէջ, այստեղ է թաքնուած Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան ժահրոտ պալարը: Փաստը այն է, որ Թուրքիան ունի ընդդիմադիր կուսակցութիւններ, բայց չունի միաւորեալ եւ իրական ընդդիմութիւն: Հակառակորդ կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը կը գործէ ընդդէմ ոչ միայն իշխող կուսակցութեան, այլեւ ընդդէմ մէկզմէկու: Աւելցնել նաեւ այն՝ որ CHP եւ MHP միասնաբար դէմ են երրորդին՝ քրտամէտ HDP-ին եւ այս առումով անոնք կը գտնուին «համախոհական» դիրքերու վրայ AKP-ին հետ… այնքան ատեն, որ AKP կը վարէ հակաքրտական քաղաքականութիւն: Եւ այստեղ է, որ կը գտնուի Էրտողանի յաջողութեան բանալին: Հոս թաղուած է «շան գլուխը»: Էրտողանի այսօրուան յարձակողական քաղաքականութիւնը PKK-ի դէմ եւ թուրք կառավարութեան ներկայ զօրաշարժը (Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Իրաքի ճակատներուն վրայ ամրացած քրտական PYD-ի ուժերուն դէմ) ինքնաբերաբար հնարաւոր կը դարձնեն ներքին քաղաքական ճակատի վրայ Էրտողանի թափանցումը CHP-ի եւ MHP-ի դաշտերէն ներս սիրաշահելով լայն շերտեր եւ պառակտելով զանոնք ներսէն: Ահմէտ Տաւութողլու յաջողեցաւ նաեւ անշարժութեան մատնել CHP-ն եւ MHP-ն ժամանակաւոր դահլիճի կազմութեան գործընթացին մէջ: Երկու կուսակցութիւններն ալ հարկադրուեցան հրաժարիլ մասնակցութենէ եւ հնարաւոր դարձուցին, որ Տաւութողլու «անկախ» անձեր նշանակէ նախարարական դիրքերու վրայ. մարդիկ՝ որոնք AKP-ի համակիրներն են եւ հաւատարիմ Էրտողանի քաղաքականութեան: Հետեւա՞նքը այս բոլորին. Տաւութողլու յաջողեցաւ դուրս պահել իր քաղաքական հակառակորդները եւ լայնօրէն կառավարելի դահլիճ մը ձեւաւորել նոյնիսկ նախընտրական այս փուլին մէջ:

 «ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ» ԳՈՐԾՕՆԸ

 Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան այսօր, որ Թուրքիոյ շեփորուած «թշնամութիւնը» «Իսլամական պետութեան» հանդէպ էապէս կը շարունակէ ցուցադրական ըլլալ: Այսօր, «Իսլամական պետութիւն» անուան տակ գործող ահաբեկչական մեքենան գործնականապէս բնաջնջելու որեւէ փութկոտութիւն չի նշմարուիր Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն մէջ: Թրքական զէնքը այսօր ուղղուած է քրտական շարժման դէմ, եւ քիւրտերը գիտեն այս մէկը: Սուրիոյ սահմաններէն ներս PYD-ի հակակշռին տակ գտնուող աշխարհագրական այն գօտին, որ էապէս կը շրջափակէ Էրտողանի մեծապետական ռազմավարութեան դաշտը, նաեւ փակած է «Իսլամական պետութեան» մատակարարման գիծը, այս վերջինը կտրելով Թուրքիայէն: Էրտողանի խնդիրն է այս նուրբ խնդիրը լուծել: Թուրքիոյ խնդիրն է «Իսլամական պետութիւնը» պահել Թուրքիայէն կախեալի դիրքերուն վրայ: Եւ այդ մէկը հնարաւոր չէ PYD-ի ստեղծած աշխարհաքաղաքական խոչընդոտներով: «Իսլամական պետութեան» գոյութիւնը Հիւսիսային Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ կենսական առաւելութիւն կ՛ապահովէ Թուրքիոյ որքան ատեն, որ ան կը մնայ Թուրքիոյ ամբողջական հակակշռին տակ:

Նկատի ունենալով վերոյիշեալը, թուրքեւամերիկեան վերջին համաձայնութիւնը «Իսլամական պետութեան» յառաջխաղացքը տարածաշրջանէն ներս միասնաբար կասեցնելու՝ առայժմ կը հանգչի թոյլ նախադրեալներու վրայ:

Ամէն ինչէ առաջ, գոյութիւն ունին ամերիկեան քաղաքականութեան ներքին երկուութիւնները, որոնց քաջ կը գիտակցի Թուրքիան: ԱՄՆի ռազմավարութիւնը բռնուած է երկու բեւեռներու միջեւ: Այդ բեւեռներն են «Իսլամական պետութիւնը» եւ Ասատի վարչակարգը Սուրիոյ մէջ: Ներկայի տուեալներով, ԱՄՆ կը ճակատի երկու բեւեռներուն դէմ միաժամանակ: Իրականութեան մէջ, երկուքին միատեղ գոյութիւնը անկարելի դարձուցած է անոնցմէ մէկնումէկուն դէմ ամբողջական եւ լիարժէք գրոհ մը ԱՄՆի կողմէ… ԱՄՆի ռազմագէտները չեն ուզեր մէկուն կամ միւսին առաւելութիւն տալ հակառակորդ ճակատը լուծարելով: Մէկուն կամ միւսին ամբողջական լուծարումը կը նկատեն մեծապէս խնդրայարոյց՝ տարածաշրջանի կայունացման հրամայականներէն ելլելով: Ուաշինկթընի ռազմավարութիւնն է սեղմել օղակը երկուքին շուրջ միաժամանակ եւ հնարաւոր չափով վնասազերծել կացութիւնը առանց մեծաթիւ զօրքերու տեղակայման: Նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, ասիկա առաւելագոյնն է, որ կարելի է ակնկալել ԱՄՆի ներքաղաքական ոլորտէն:

ԱՄՆի միւս երկուութիւնը կապուած է Իրանի դերակատարութեան հետ: Իրան միակ շրջանային ուժն է, որ կը գործէ «Իսլամական պետութիւնը» բնաջնջելու դիտաւորութեամբ: Իրանի գլխաւոր մտահոգութիւնը Իրաքն է, ուր ամրացած է «Իսլամական պետութիւնը» եւ խիզախ թափանցումներով արդէն իսկ կը սպառնայ երկրի մայրաքաղաքին: «Իսլամական պետութեան» ներկայութիւնը Ալ-Անպարի նահանգին եւ յատկապէս Ռամատիի մէջ պարտադիր կը դարձնէ Իրանի ռազմական միջամտութիւնը շիի ջոկատներու եւ այլ գործակից ուժերու միջոցով: ԱՄՆ յստակօրէն շահագրգռուած է Իրանէն եկող այս թանկագին օգնութեամբ, քանի որ «Իսլամական պետութեան» վտարումը Ալ-Անպար նահանգի մատոյցներէն առաջնահերթութիւն է ԱՄՆի եւ Արեւմուտքի համար: Եւ սակայն Իրանի ազդեցութեան աճը Իրաքի մէջ մտահոգիչ հեռանկարներ կը բանայ ԱՄՆի միջին-արեւելեան քաղաքականութեան համար: ԱՄՆ կը գիտակցի նաեւ, որ մէկը առանց միւսին իրապաշտօրէն կարելի չէ ձեռք բերել այլեւս: Այստեղ եւս ԱՄՆ կը գործէ լուրջ սահմանափակումներով:

Այս բոլորէն կը հետեւի այն, որ թուրքեւամերիկեան ներկայ գործակցութիւնը «Իսլամական պետութեան» լուծարումը ապահովելու ենթադրական առաջադրութեամբ՝ ենթակայ է լուրջ հարցականներու:

Այդ համագործակցութեան քօղին տակ, Էրտողանի Թուրքիան պիտի փորձէ լուծել չորս կարեւոր խնդիրներ: Առաջին, հաստատել Թուրքիոյ ռազմական թաթը Հիւսիսային Սուրիոյ քրտական գօտիին վրայ. երկրորդ, ծանր հարուած տալ PKK-ի եւ PYD-ի քրտական ռազմոյժին. երրորդ, վերահաստատել ինքզինք որպէս միակ իսկական դայեակը «Իսլամական պետութեան». չորրորդ, ամրագրել AKP-ի եւ հետեւաբար Էրտողանի ձեռքը Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին եւ նոր ընտրութիւններու միջոցով կեանքի կոչել հզօր լիազօրութիւններով գործող նախագահական համակարգ մը Անգարայի մէջ:

Իսկ ի՞նչ կը ստանայ Ուաշինկթըն այս բոլորին դիմաց: Ի՞նչ չափով ան կը կարողանայ բարելաւել իր դիրքերը տարածաշրջանին մէջ: Եւ ի վերջոյ ի՞նչ ձեւ կը ստանայ Հիւսիսային Սուրիոյ քաոսը եւ յատկապէս՝ Հալէպի ռազմավարական խարիսխը: Այս հարցերը առայժմ յստակ պատասխաններ չունին: Խաղատախտակը կրնայ աւելի եւս բարդանալ, եթէ Ռուսաստան, Իրան, Իսրայէլ եւ նոյնիսկ Չինաստան անհրաժեշտ համարեն աւելի գործօն դերեր ստանձնել: Թուրքեւամերիկեան դիմակախաղը կրնայ շուտով վարկաբեկել ինքզինք իրականութիւններու լոյսին տակ եւ նոր անորոշութիւններու մէջ նետել Սուրիոյ եւ Իրաքի կնճիռը:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.