Քոպանիէն Թուրքիա տեղափոխուած հայ ընտանիքներէն երեքը արդէն Հայաստան են


Սուրիոյ Քոպանի քաղաքի երեք ընտանիքներ Սեպտեմբեր 3-ին մեկնեցան Հայաստան, մօտաւորապէս տարի մը շարունակ Թուրքիոյ փախստականներու ճամբարին մէջ բնակելէ ետք։

Հայաստան ժամանած Քոպանիի բնակիչ Սօսի Թովմասեան պատմեց, որ Քոպանիէն Թուրքիա տեղափոխուած են դէպքէն ետք, երբ Սուրիոյ մէջ զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ սպաննուած էր իր հօրեղբայրը։ «Ատկէ ետք մեր կեանքը անտանելի դարձաւ։ Մենք մինչեւ հիմա այդպիսի ցաւ չէինք ապրած։ Հօրեղբօրս մահէն ետք որոշեցինք որ պէտք է փախչինք», ըսաւ Սօսի։

Ան պատմեց որ Թուրքիա տեղափոխուելէ ետք ատեն մը ապրած են դպրոցի մը սենեակներուն մէջ, իսկ յետոյ վրանային ճամբար։
«Մենք Քոպանիէն փախանք եւ Թուրքիոյ սահմանը անցանք, տարի մը Թուրքիոյ մէջ մնացինք։ Մեզի հետ հոն շատ աղէկ կը վարուէին, ոչ մէկ անգամ նեղութիւն ապրեցանք», ըսաւ ան։
Սօսի Թովմասեան դիտել տուաւ որ Հայաստան տեղափոխուելու առաջարկը իրենց ըրած էր Թուրքիոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Արամ Սրբազան ու ան է որ օգնած էր, որ իրենք Հայաստան փոխադրուէին։

Սօսի նաեւ նշեց որ Քոպանիի մէջ կ՚ապրէին հինգ հայ ընտանիքներ, որոնք բոլորն ալ լքած են քաղաքը։ Միւս երկու ընտանիքներէն մէկը մնացած է Սուրուչ՝ Թուրքիոյ վրանային ճամբարներէն մէկուն մէջ, իսկ միւսը մեկնած է Ֆրանսա։

Երեք ընտանիքները, որոնք 13 անդամներ ունին, պիտի բնակին Կիլիկիա թաղը, վարձու բնակարաններուն մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.