Փաշինեան կառավարութեան նոր «ռազմավարութեամբ» կը փորձէ արդարացնել գիւղատնտեսութեան անկումը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտը 2026-ին անկում արձանագրած է, սակայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այդ զարգացումը անսպասելի չի նկատեր՝ զայն կապելով կառավարութեան որդեգրած գիւղատնտեսական քաղաքականութեան փոփոխութեան հետ։
Ազգային ժողովին մէջ, պատասխանելով «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի հարցումին, Փաշինեան ընդունեց, որ այս տարի ոլորտին մէջ աճ չկայ, այլ՝ անկում։ Ան, սակայն, փոխանակ անդրադառնալու անկման անմիջական պատճառներուն եւ գիւղացիներու դիմագրաւած խնդիրներուն, շեշտը դրաւ կառավարութեան՝ բարձր արտադրողական գիւղատնտեսութեան անցնելու ռազմավարութեան վրայ։
Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ տակաւին լայնօրէն կիրարկուող գիւղատնտեսական եղանակները այլեւս աճի հեռանկար չունին, եւ կառավարութիւնը պէտք է կեդրոնանայ արտադրողականութեան բարձրացման ու նոր արհեստագիտութիւններու կիրարկման վրայ։
Վարչապետը նաեւ կարեւոր նկատեց հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքի արտահանման շուկաներու բազմազանեցումը՝ ընդգծելով, որ մէկ շուկայէ չափազանց մեծ կախուածութիւնը ոլորտը խոցելի կը դարձնէ։ Կառավարութիւնը վերջին ամիսներուն եւս շարք մը ծրագիրներ ներկայացուցած է՝ գիւղատնտեսական արտադրութեան եւ արտահանման աջակցութեան նպատակով։
Փաշինեան յայտարարեց, որ 2018-էն ի վեր կառավարութիւնը «հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու» աջակցութիւն տրամադրած է գիւղացիներուն եւ համոզուած է, որ որդեգրած ռազմավարութիւնը ճիշդ ուղղութիւնն է։
Այսուհանդերձ, արձանագրուած անկումը հարցականի տակ կը դնէ, թէ կառավարութեան երկարամեայ օժանդակութեան ծրագիրներն ու բարեփոխումները որքանո՛վ վերածուած են գիւղատնտեսութեան կայուն աճի եւ գիւղացիական տնտեսութիւններու իրական ամրապնդման։