2014-էն Ի Վեր Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Սպաննուած Են 300 Ազրպէյճանցի Ժիհատականներ


2014-էն ի վեր Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ սպաննուած են աւելի քան 300 ազրպէյճանցի ժիհատականներ։ Ըստ «Թայմթուրք»-ի Սուրիոյ մէջ դարձեալ ազրպէյճանցի ժիհատական մը սպաննուած է։

Սուրիոյ մէջ սպաննուած ազրպէյճանցի զինեալին ծածկանունն էր «Զուպէյր Ազերի» եւ սպաննուած է Ռիպաթ-ի մէջ օդային հարուածի մը պատճառով։

Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կռուող Ազրպէյճանի 1500 քաղաքացիներ կան, որոնցմէ 300-ը արդէն բախումներու ընթացքին սպաննուած են։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.