Կռփամարտ. Արման Դարչինեան Պրոնզէ Մետալակիր` Կրոզնիի Մրցաշարքին


grozni_8-24-15

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Կրոզնիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած Քատիրովի անուան կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին, Արման Դարչինեան տիրացած է պրոնզ մետալին:

60 քկ դասակարգի կիսաւարտականին Դարչինեան, որ կը ճակատէր ղազախ մարզիկի մը դէմ, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած է, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Նշենք, որ երէկ Ուքրանիոյ մէջ սկսաւ Քլիչքօ եղբայրներուն անուան միջազգային մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին նաեւ հայրենի երիտասարդ կռփամարտիկներ` գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.