Կռփամարտ. Անուշ Գրիգորեան Հասաւ Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութեան Աւարտականին


anoush-krikoryan_8-20-15f

51 քկ դասակարգի կռփամարտիկ Անուշ Գրիգորեան մօտ է Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսին տիրանալուն, կը յայտնէ ArmSport.am:

Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան, Անուշ Գրիգորեան տպաւորիչ յաղթանակներով հասաւ աւարտականին:

Կիսաւարտականին հայ կռփամարտիկը, գեղեցիկ ոճով առաւելութեան հասաւ Անգլիան ներկայացնող Ալիս Ճոնսընի վրայ եւ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր շաբաթ, 22 օգոստոսին կը մրցի գերմանացի Քորճ Սուսեթիի դէմ:

Նշենք, որ հայկական աղբիւրը իր այս լուրը քաղեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.