Տիարպեքիրի մէջ ձերբակալուած է ծագումով հայ Սուրի քաղաքապետ Ֆաթմա Պարութը


Թուրքիոյ մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ, Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս օրերուն սկսած են կոշտ միջոցներ կիրառել նաեւ քրտաբնակ շրջաններու քաղաքական ղեկավարներու նկատմամբ։ Տիարպեքիրի Սուր եւ Սիլվան արուարձաններուն մէջ կատարուած զինուորական գործողութիւններու ընթացքին ձերբակալուած են շրջաններու ղեկավարները։ Ձերբակալուածներու շարքին են Սուրի համաքաղաքապետեր Սեյիտ Նարինն ու Ֆաթմա Պարութը, Սիլվանի համաքաղաքապետեր Եուքսել Բոդաքչըն եւ Մելիքշահ Թեքեն: Այս մասին կը հաղորդէ Երկիր Մեդիան։

 Սուրի շրջանը օրերս յայտարարած էր ինքնավարութեան ստեղծման մասին։ Այդ քաղաքի ձերբակալուած ղեկավար Ֆաթմա Պարութը, ի դէպ, չի ծածկեր իր հայկական ինքնութիւնը։ Օգոստոսի սկիզբը կայացած համահայկական խաղերու ընթացքին ան իր զաւակներուն եւ կողակիցին հետ այցելած էր Հայաստան։ Երկար ժամանակ է ի վեր Սուրի քաղաքապետարանի ցուցանակին վրայ նաեւ հայերէն լեզուով գրութիւն աւելցուած է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.