Ուրֆացի իսլամացած հայը դատարանի միջոցով վերականգնած է իր հայութիւնը


Արեւմտեան Հայաստանի մէջ միլիոնաւոր ծպտեալ հայերու մէջ քիչերն են, որ կրնան վերականգնել իրենց ինքնութիւնը: Անոնց թիւը հազիւ կը հասնի 100-ի: Այդ մարդոցմէ Ուրֆա` Սիւերեկի մէջ (Սեւ Աւերակ) կնոջ, երեխաներուն եւ թոռնիկներուն հետ ապրող Հատի Կիւմուշն է: Ան իր հայութիւնը վերականգնած է թրքական դատարանի միջոցով:

Հատի Կիւմուշ Aravot.am-ի հետ զրոյցին պատմեց. «Դեռ մանկութենէս գիտէի, որ հայ եմ: 1980-ին ֆաշիստական հրամանատարները իշխանութիւն ձեռք բերին, եւ ինքս, ի հակասութիւն իշխանութիւններուն, իմ հայութեան ինքնութեան վերականգնման համար պայքար սկսայ: Կը մտածէի, թէ ինչու այլ ինքնութեամբ պէտք է ապրիմ: Այս որոշումը առնելը հեշտ չէր. երկու տարի շարունակ կը պայքարէի, եւ վերջապէս թրքական ամենավերին ատեանի դատարանը այդ որոշումը կայացուց»: Սակայն հայութեան ինքնութեան վերականգնումէն յետոյ անոր հալածանքներ ու ճնշումներ կը սպասէին:

Հատի Կիւմուշ պատմեց, որ սպառնացած են մինչեւ անգամ իր ընտանիքին ու իրենց ազատած աշխատանքէն. «Ես մանկավարժ կ’աշխատէի, սակայն երբ վերականգնեցի իմ հայութիւնս, զիս դուրս հանեցին դպրոցէն: Կրկին դիմեցի դատարան, եւ այս անգամ դատարանը որոշում կայացուց, որ եթէ ծագումով հայ ես, թուրք ու քիւրտ երեխաներուն չես կրնար մանկավարժութիւն ընել»:

Հայութեան վերականգնումը մէկ այլ պարագայի փրկած է Հատի Կիւմուշին: Ան յիշեց, որ երբ քրտական ազատագրական պայքարի մասնակից  եղած է, իրեն տարած են խոշտանգելու, սակայն, երբ իմացած են, որ հայ է, դուրս  հանած են, թէ ի՞նչ գործ ունիս այստեղ: Այս պարագային հասկցած են, որ հայու հետ գործ ունին, ոչ թէ թուրքի կամ քիւրտի: Հատի Կիւմուշի զաւակները եւս վերականգնած են հայութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.