Հայազգի քոնկրէսական Աննա Էշուն հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման ջատագովներէն է


Ամերիկայի Ձայն.- Հայկական արմատներ ունեցող ամերիկացի քոնկրէսական Աննա Էշուն, որ մայրական կողմէ Բաբայեան ազգանունը կը կրէ, հայ-ամերիկեան կապերու ամրապնդման եռանդուն կողմնակիցներէն մէկն է: Ըստ քոնկրէսական Էշուի, հաշուի առնելով իր հայ-ասորական արմատները, ինք կրնայ յատուկ դեր խաղալ այդ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ։

«Ես կը զգամ, որ յատուկ պատասխանատուութիւն ունիմ,  սուրբ պարտաւորուածութիւն՝ օգնելու հայ ժողովուրդի հետ Ամերիկայի յարաբերութիւններու զարգացման»:

Անդրադառնալով ապրիլ 24-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան  ոգեկոչման օրերուն Հայաստան կատարած իր այցելութեան մասին, Աննա Էխու լը նշէ, որ հաճոյքով նկատած է երիտասարդներու բազմութիւնը Հայաստանի մէջ. «Երիտասարդները կ՚ուզեն նայիլ դէպի ապագան։ Այսպիսով՝ Հայաստանը պէտք է ի վիճակի ըլլայ պահպանելու այդ երիտասարդներուն, պայմաններ ստեղծելով անոնց համար, որպէսզի տեղի չունենայ ուղեղներու արտահոսք եւ որ անոնք Հայաստան մնալու պատճառ ունենան, վերականգնեն ու զարգացնեն երկրի տնտեսութիւնը»:

ԱՄՆ-ի տեխնոլոգիապես ամենազարգացած Սիլիկոնի հարթավայրը ներկայացնող կոնգրեսականի Էշուի խոսքով, այս հարցում Հայաստանին լուրջ աջակցութիւն պետք է ցուցաբերի Միացյալ Նահանգները, օգնելով կրթել եւ իրենց երկրի ներսում նոր հնարավորութիւններ ստեղծել հայ երիտասարդների համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.