Յակոբ Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը արժէք եւ ուժ չունենար, ոչ ոք պիտի ուզէր զայն թիրախաւորել»

ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ե Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի յայտարարած է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նկատմամբ թիրախաւորումները պէտք է դիտարկել կուսակցութեան պատմական եւ քաղաքական դերակատարութեան խորապատկերին մէջ։

AlphaNews-ի հետ զրոյցին ընթացքին Բագրատունի նշած է, որ տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին Դաշնակցութիւնը թիրախ դարձած է տարբեր իշխանութիւններու եւ վարչակարգերու կողմէ՝ ցարական Ռուսիայէն եւ խորհրդային վարչակարգէն մինչեւ Օսմանեան կայսրութիւն եւ Թուրքիա։

«Ինչո՞ւ ցարական իշխանութիւնները թիրախաւորեցին Դաշնակցութիւնը, ինչո՞ւ համայնավար վարչակարգը թիրախաւորեց, ինչո՞ւ օսմանցիները եւ Թուրքիան թիրախաւորեցին ու պիտի շարունակեն թիրախաւորել Դաշնակցութիւնը։ Եթէ այս հարցին յստակ պատասխանը ունենանք, կրնանք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ այսօր նաեւ Նիկոլ Փաշինեան կ՚ուզէ թիրախաւորել Դաշնակցութիւնը», ըսած է ան։

Բագրատունիի ըսած է, որ Դաշնակցութիւնը տասնամեակներու ընթացքին կայացած է իբրեւ կազմակերպուած քաղաքական ուժ՝ հիմնուած պայքարի, կազմակերպման, ծառայութեան եւ զոհաբերութեան գաղափարներուն վրայ։

«Եթէ Դաշնակցութիւնը արժէք, ուժ եւ մեր ժողովուրդի սրտին մէջ տեղ ունեցող կուսակցութիւն չըլլար, եթէ չունենար պայքարի, կազմակերպման, նահատակութեան եւ ծառայութեան գաղափարները, բնականաբար ոչ ոք պիտի ուզէր զայն թիրախաւորել», ընդգծած է Բագրատունի։

Ան նաեւ նշած է, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը հայապահպանութեան, քաղաքական կազմակերպման, Հայ Դատի հետապնդման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութիւններով։

Բագրատունի նշած է, որ կուսակցութեան դէմ ուղղուած ճնշումներն ու թիրախաւորումները հակառակ ազդեցութիւնը պիտի ունենան։

«Ովքեր ալ թիրախաւորեն, այդ բոլորը պարզապէս աւելի պիտի զօրացնեն Դաշնակցութիւնը եւ աւելի պիտի ընդհանրացնեն անոր շուրջ գոյութիւն ունեցող համակրանքը, որովհետեւ մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ դրոշմուած են մարտունակութիւնն ու պայքարի ոգին», ըսած է ան։