Գանատայի վարչապետին շնորհակալական նամակը Արամ Ա. Կաթողիկոսին


Չորեքշաբթի, 29 Յուլիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ նամակ մը ստացաւ Գանատայի Վարչապետ Սթիվըն Հարփըրէն: Յայտնենք, որ 3 Յունիս 2015-ին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցած էր Գանատայի Վարչապետին հետ եւ այդ առիթով առ ի գնահատանք Վարչապետին, Գանատայի Կառավարութեան եւ Խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ցուցաբերած զօրակցութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրած էր Սթիվըն Հարփըրը: Ստորեւ, նամակը՝ թարգմանաբար.-

Նորին Սրբութիւն,

 Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի, 3 Յունիսին, Գանատայի Խորհրդարանի մեր գրասենեակին մէջ ունեցած մեր հանդիպումի ընթացքին, ինծի շնորհած Կիլիկիոյ «Իշխան»ի շքանշանին համար:

 Ուրախ եմ, որ պատեհութիւնը ունեցայ հանդիպելու ձեզի եւ ձեր պատուիրակութեան հետ եւ այս առիթով յիշելու հայ ժողովուրդի տառապանքը ու նահատակները Օսմանեան կայսրութեան շրջանին, հարիւր տարի առաջ՝ 1915-ին: Կը գնահատեմ նաեւ մեր ունեցած խորհրդակցութիւնը հասարակաց կարգ մը մտահոգութիւններու շուրջ: Ինչպէս միշտ, ես պատրաստ եմ հանդիպելու Գանատայի հայ համայնքի պատասխանատուներուն հետ:

 Անգամ մը եւս իմ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ձեր ցուցաբերած սիրոյն ու հասկացողութեան համար:

 Իմ լաւագոյն մաղթանքներս ձեզի, ձեր առողջութեան եւ երջանկութեան համար:

 Անկեղծօրէն ձերդ՝

Սթիվըն Հարփըր

Վարչապետ Գանատայի


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.