1-2 Յուլիս 1913. Թրքական զօրքը արիւնահեղ «ազգային մաքրագործման» ենթարկեց Ռոտոսթոյի հայերն ու յոյները…


Յու­լիս ամ­սու ա­ռա­ջին այս օ­րե­րուն, 102 տա­րի ա­ռաջ, ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ ծո­վե­զե­րեայ ­Ռո­տոս­թօ քա­ղա­քը, թրքա­կան զօր­քի ձե­ռամբ, ներ­կուե­ցաւ հա­յե­րու եւ յոյ­նե­րու ա­րեամբ։

Պալ­քա­նեան պա­տե­րազմ­նե­րու ժա­մա­նա­կաշըր­ջանն էր։ ­Հիմ­նա­կա­նին մէջ յոյ­նե­րէ եւ հա­յե­րէ բաղ­կա­ցած՝ ոչ-թրքաբ­նակ ­Ռո­տոս­թօ քա­ղա­քը, 1912ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին բռնկած ­Պալ­քա­նեան Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մի ա­տեն, ա­զա­տագ­րո­ւած էր օս­մա­նեան լու­ծէն։ ­Բայց երբ 30 ­Յու­նիս 1913ին պայ­թե­ցաւ ­Պալ­քա­նեան Երկ­րորդ ­Պա­տե­րազ­մը, ­Ռո­տոս­թօն ան­մի­ջա­պէս վե­րագ­րա­ւո­ւե­ցաւ թրքա­կան զօր­քին կող­մէ, որ 1 ­Յու­լիս 1913էն սկսեալ, եր­կու օր շա­րու­նակ, կո­տո­րա­ծի են­թար­կեց վա­ճա­ռա­կա­նա­կան այս յայտ­նի քա­ղա­քին բնիկ տէ­րե­րը՝ յոյ­ներն ու հա­յե­րը, հրոյ ճա­րակ դարձ­նե­լով ա­նոնց տու­ներն ու խա­նութ­նե­րը։

Մար­մա­րա ծո­վու ա­րեւմ­տեան ա­փին գտնո­ւող նա­ւա­հան­գիստ քա­ղաք է ­Ռո­տոս­թոն, որ այ­սօր մաս կը կազ­մէ եւ­րո­պա­կան ­Թուր­քիոյ, ա­ռա­ւե­լա­բար թուր­քե­րով բնա­կո­ւած է հի­մա եւ 1923էն ի վեր կը կո­չո­ւի ­Թէ­քիր ­Տաղ։

102 տա­րի ա­ռաջ միայն սա­կա­ւա­թիւ թուր­քեր կ­þապ­րէին ­Ռո­տոս­թո­յի մէջ, որ ա­ռա­ւե­լա­բար յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան քա­ղաք էր։ ­Քա­ղա­քը յայտ­նա­գոր­ծո­ւած էր հին ժա­մա­նակ յոյն վա­ճա­ռա­կան­նե­րու եւ նա­ւաս­տի­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք դա­րե­րու ըն­թաց­քին նախ յու­նա­կան, ա­պա բիւ­զան­դա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան կա­րե­ւոր կեդ­րո­նի վե­րա­ծե­ցին զայն։

Նոյն­քան հին ժա­մա­նակ­նե­րէ կու գայ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ­Ռո­տոս­թո­յի մէջ, որ ինչ­պէս հա­յոց ա­ռեւ­տու­րի, այն­պէս եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի, ձե­ռա­րո­ւես­տի եւ գրա­կա­նու­թեան ծա­նօթ կեդ­րոն ե­ղած է։

Ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս ­Ռո­տոս­թո­յի եւ ա­նոր մեր­ձա­կայ՝ նոյն­պէս հա­յաբ­նակ ­Մալ­կա­րա գիւ­ղա­քա­ղա­քին հայ բնա­կիչ­նե­րը, 1913ի ­Յու­լիս 1էն սկսեալ, կո­տո­րա­ծի եւ ա­ւե­րու­մի ու թա­լա­նի են­թար­կո­ւե­ցան թրքա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ.-

30 ­Յու­նիս 1913ին սկսաւ ­Պալ­քա­նեան Երկ­րորդ ­Պա­տե­րազ­մը։

Հա­զիւ ա­միս մը ա­ռաջ, 30 ­Մա­յիս 1913ին, վերջ գտած էր ­Պալ­քա­նեան Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մը, որ բռնկած էր 9 ­Հոկ­տեմ­բեր 1912ին՝ մէկ կող­մէ պալ­քա­նեան չորս եր­կիր­նե­րու (­Պուլ­կա­րիա, ­Յու­նաս­տան, ­Սեր­պիա, Չեռ­նո­գո­րիա) դաշ­նադ­րու­թեան եւ միւս կող­մէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մի­ջեւ։

Պալ­քա­նեան Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մին ­Թուր­քիա կրեց ծան­րա­գոյն պար­տու­թիւն եւ պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ 30 ­Մա­յիս 1913ին ստո­րագ­րել ­Լոն­տո­նի ­Հաշ­տու­թեան ­Դաշ­նա­գի­րը, ո­րուն հի­ման վրայ կորսն­ցուց պալ­քա­նեան թե­րակղ­զիի իր տի­րա­պե­տու­թեան են­թա­կայ բո­լոր հո­ղե­րը։ ­Պոլ­սէն եւ ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ փոքր մէկ բաժ­նէն զատ ո­չինչ մնաց եւ­րո­պա­կան ­Թուր­քիա­յէն։

Հա­յու­թիւ­նը եւս աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Պալ­քա­նեան Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մին։ Անդ­րա­նի­կի եւ Գա­րե­գին Նժ­դե­հի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­մա­ւո­րա­կան գուն­դե­րը յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­գոր­ծե­ցին թրքա­կան զօր­քե­րուն դէմ՝ հե­րո­սի դափ­նեպ­սա­կին ու զի­նո­ւո­րա­կան կո­չում­նե­րու ար­ժա­նա­նա­լով պուլ­կար սպա­յա­կոյ­տին կող­մէ։

Իսկ ­Պուլ­կա­րիան ե­ղաւ գլխա­ւոր յաղ­թա­կա­նը ­Պալ­քա­նեան Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մին՝ խլե­լով ա­ռիւ­ծը բա­ժի­նը օս­մա­նեան բռնա­տի­րու­թե­նէն ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րուն։

Բայց ոչ միայն ­Պուլ­կա­րիոյ պալ­քա­նեան դաշ­նա­կից­նե­րը՝ ­Յու­նաս­տանն ու ­Սեր­պիան դժգոհ մնա­ցին, որ ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րէն ի­րենց սպա­սած բաժ­նին չկրցան տի­րա­նալ, այ­լեւ՝ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը մտա­հո­գո­ւե­ցան, որ Ուղ­ղա­դա­ւա­նու­թեան (Օր­թո­տոքս) դրօ­շա­կիր ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը միա­կող­մա­նիօ­րէն շատ ըն­դար­ձա­կած էր իր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րը ­Պալ­քան­նե­րու մէջ։

Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ հրահ­րու­մը, 1913ի ­Յու­նիս 30ին, ­Պալ­քա­նեան Երկ­րորդ ­Պա­տե­րազ­մին՝ այս ան­գամ մէկ կող­մէ ­Պուլ­կա­րիոյ եւ միւս կող­մէ ­Թուր­քիոյ, ­Յու­նաս­տա­նի, ­Սեր­պիոյ, ­Չեռ­նո­գո­րիա­յի եւ ­Ռու­մա­նիոյ միա­ցեալ ճա­կա­տին մի­ջեւ։

Թէեւ կարճ տե­ւեց եւ 10 Օ­գոս­տոս 1913ին ա­ւար­տե­ցաւ ­Պալ­քա­նեան Երկ­րորդ ­Պա­տե­րազ­մը, բայց «ազ­գա­յին մաք­րա­գոր­ծում»ի ա­ռու­մով ան­հա­մե­մա­տա­բար ա­հա­ւոր եւ ծան­րակ­շիռ ե­ղաւ։

Յատ­կա­պէս ­Ռո­տոս­թո­յի եւ ­Մալ­կա­րա­յի հա­յե­րը, ո­րոնք ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թիւն չէին ու­նե­ցած ­Պալ­քա­նեան Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մին, թի­րախ դար­ձան թրքա­կան վրէժխնդ­րու­թեան եւ ցե­ղաս­պա­նա­կան «հա­շո­ւե­յար­դար»ին։

Ան­շուշտ շատ ա­ւե­լի ծանր կո­րուստ ու­նե­ցան պուլ­կար­նե­րը՝ թէ՛ զո­հե­րու թի­ւի, թէ՛ քան­դում-ա­ւե­րում­նե­րու եւ թէ հո­ղա­տա­րածք­նե­րու կո­րուս­տի ի­մաս­տով, բայց ի վեր­ջոյ ­Պուլ­կա­րիան պա­տե­րազ­մող կողմ էր եւ իր կար­գին, ­Պալ­քա­նեան Ա­ռա­ջին ­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին իր ա­զա­տագ­րած հո­ղա­մա­սե­րուն վրայ, կա՛մ կո­տո­րած էր թուրք բնակ­չու­թիւ­նը, կա՛մ հա­րիւր-հա­զա­րով տե­ղա­հան ը­րած էր թուր­քե­րը։

Պալ­քա­նեան Երկ­րորդ ­Պա­տե­րազ­մը վերջ գտաւ ­Պուլ­կա­րիոյ պար­տու­թեամբ, իսկ տա­րի մը ա­ռաջ թրքա­կան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղե­րը վե­րա­բաշ­խո­ւե­ցան պալ­քա­նեան յաղ­թա­կան եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ։

Յատ­կա­պէս թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը չա­րա­շա­հեց ­Պալ­քա­նեան Երկ­րորդ ­Պա­տե­րազ­մով ներ­կա­յա­ցած ա­ռի­թը, որ­պէս­զի ձեռ­նա­մուխ ըլ­լայ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րեւմ­տեան սահ­մա­նա­յին գօ­տի­նե­րը ազ­գա­յին փոք­րաս­նու­թիւն­նե­րէ «մաք­րա­գոր­ծե­լու» եւ «վնա­սա­զեր­ծե­լու» իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան։

Կայս­րու­թեան հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան՝ եւ­րո­պա­կան սահ­մա­նա­գօ­տիին ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր դիր­քե­րէն ­Ռո­տոս­թօ քա­ղա­քը, այդ հի­ման վրայ, թի­րախ դար­ձաւ ա­րիւ­նա­լի «մաք­րա­գոր­ծում­ներ»ու…

Պա­տե­րազ­մէն ետք, Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց միա­ցեալ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ քննիչ յանձ­նա­խումբ մը, որ եր­կուս­տեք գոր­ծո­ւած ո­ճիր­նե­րը ցու­ցա­կագ­րեց եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ կանգ ա­ռաւ այն փաս­տին վրայ, որ թրքա­կան կա­նո­նա­ւոր զօր­քե­րու ձե­ռամբ, ­Ռո­տոս­թո­յի մէջ, սպան­նո­ւե­ցան ա­ւե­լի քան հա­զար հա­յեր, շուրջ 300 հա­յոց բնա­կա­րան­ներ ու 500է ա­ւե­լի հա­յոց խա­նութ­ներ կո­ղոպ­տո­ւե­ցան եւ հրոյ ճա­րակ դար­ձան։

Թր­քա­կան զօր­քե­րու գոր­ծած հա­կա­հայ խժդժու­թիւն­նե­րը յա­ւե­լեալ պատ­ճառ մը ե­ղան, որ­պէս­զի եւ­րո­պա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան օ­րա­կար­գին վրայ դրո­ւած ­Հայ­կա­կան ­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու հար­ցը վերս­տին հրա­տապ բնոյթ ստա­նայ։ Ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րած բա­նակ­ցու­թեանց ար­դիւն­քով՝ ­Փետ­րո­ւար 1914ին, եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը յան­գե­ցան այն հա­մա­խո­հու­թեան, որ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րե­ւե­լեան՝ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու բա­րե­կար­գում­նե­րը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար հարկ է կի­րար­կել տե­ղա­կան լայն կա­ռա­վար­ման դրու­թիւն։ Ո­րո­շո­ւե­ցաւ հաս­տա­տել հայ­կա­կան կա­ռա­վար­ման եր­կու շրջան՝ ­Կա­րին եւ ­Վան, նշա­նա­կե­լով եւ­րո­պա­ցի եր­կու կա­ռա­վա­րիչ­ներ, ո­րոնք ան­մի­ջա­պէս ճամ­բայ ե­լան դէ­պի ի­րենց նստա­վայ­րե­րը, բայց տեղ չհա­սած ար­դէն բռնկե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը։

Ինչ­պէս ­Ռո­տոս­թո­յի հա­յու­թեան դէմ իր ձեռ­նար­կած սպան­դով, այն­պէս ալ այ­նու­հե­տեւ, ­Հայ­կա­կան ­Բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու եւ­րո­պա­կան ծրագ­րու­մին ի­րա­գոր­ծու­մը խա­փա­նե­լու նպա­տա­կով՝ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը նե­տո­ւե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի թո­հու­բո­հին մէջ, մի­ջազ­գա­յին լա­րո­ւա­ծու­թեան եւ ի­րա­րան­ցու­մի ա­ռի­թէն օգ­տո­ւե­լու եւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցէն մէ­կան­գա­մընդ­միշտ ձեր­բա­զա­տո­ւե­լու հրէ­շա­յին իր ծրա­գի­րը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գոր­ծադ­րե­լու հա­մար։

Այդ ա­ռու­մով 1 ­Յու­լիս 1913ի ­Ռո­տոս­թո­յի հա­յոց սպան­դը, ամ­բող­ջա­ցու­մը կազ­մե­լով 1909ի ­Կի­լի­կիոյ հա­յոց Ա­ղէ­տին, նա­խեր­գան­քը դար­ձաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան ծան­րա­գոյն ո­ճի­րին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.