Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Փարիզի փոխ-քաղաքապետին
- (0)

Ֆրանսա գտնուող արցախեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիելեանի, ապրիլ 13-ին այցելեց Փարիզի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ փոխ-քաղաքապետ տեղակալ, միջազգային համագործակցութեան պատասխանատու Ատրէ Փուլվարին հետ։
Հանդիպման ընթացքին Դանիելեան բարձր գնահատեց Փարիզի քաղաքապետարանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերուած հետեւողական ուշադրութիւնն ու աջակցութիւնը՝ շեշտելով, թէ ան առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցած է թէ՛ շրջափակման ժամանակաշրջանին, թէ՛ անկէ ետք արձանագրուած ծանր զարգացումներուն պայմաններուն մէջ։
Կողմերը քննարկեցին Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղուած միջազգային իրազեկման եւ ճնշման միջոցներու աշխուժացման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ապաստանած արցախցիներու ընկերա-տնտեսական խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղիները։
Առանձին շեշտուեցաւ Արցախի ժողովուրդին անվտանգ, արժանապատիւ եւ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրագործման կարեւորութիւնը։
Հանդիպման աւարտին գոյացաւ նախնական պայմանաւորուածութիւն՝ մօտ ապագային Երեւանի մէջ համատեղ ձեռնարկ մը կազմակերպելու վերաբերեալ։
Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին նաեւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, ԱԺ նախագահի խորհրդական, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան եւ Արցախի թեմական խորհուրդի նախագահ Լեռնիկ Յովհաննիսեան։