Պիտի վերանորոգուի Սասնոյ Ս. Պետրոս հայկական վանքը


Սասունի եւ մերձակայ շրջաններու Հայերու Միութեան Նախագահ Ազիզ Տաղճը որ հինէն ի վեր կը զբաղի այդ շրջաններու մէջ հայերէ մնացած եկեղեցական յուշարձանները վերականգնելու եւ նորոգութեան ենթարկելու աշխատանքով, այժմ մեզի կը հաղորդէ թէ նորոգութեան որոշում ընդունուեցաւ Սասուն գաւառակի Մէշէլի (Գոմք) գիւղի մէջ գտնուող 1500 տարուան Ս. Պետրոս Հայոց վանքի եւ շրջապատի Հայոց գերեզմանատուներու համար։ Որոշումը ընդունուած է Մշակոյթի Նախարարութեան Տիյարպաքըրի Մշակոյթի եւ Բնական Գեղեցկութիւններու Պաշտպան Միութեան Շրջանային Կոմիտէին կողմէ։ Վանքը, որ 350 սենեակ ունի, պիտի վերանորոգուի եւ պիտի դրուի զբօսաշրջական շահագործման շրջանակին մէջ։

Ազիզ Տաղճը  կը հաղորդէ որ նմանօրինակ վանքերու եւ եկեղեցիներու վերականգնումի պայքարը պիտի շարունակէ։ Ան աւելցուց իրենք բողոքած են Կալուածներու Տնօրէնութեան կողմէ կատարուած սխալի մը դէմ, քանի որ Տնօրէնութիւնը Ս. Պետրոս Վանքը ցոյց տուած է Չայըրլը գիւղի մէջ, մինչդեռ ինչպէս կը վկայեն պատմութեան գիրքերը, այս վանքը կը գտնուի նախապէս Կոնք կոչուած Մէշէլի գիւղին մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.