Հ. Յ. Դ. պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ


Յունիս 22-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս, նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քին մէջ, ըն­դու­նեց այ­ցե­լու­թիւ­նը պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մը, ո­րուն մաս կը կազ­մէին Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­

տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յա­կոբ ­Յո­վա­կի­մեան եւ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ընկ. ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան։

Մօտ կէս ժամ տե­ւած հան­դի­պու­մը ըն­թա­ցաւ սի­րա­լիր եւ ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ։ ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը շնոր­հա­ւո­րեց ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը՝ իր պաշ­տօ­նի ստանձն­ման ա­ռի­թով։

Խօ­սակ­ցու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցաւ հայ եւ յոյն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ՝ շեշ­տե­լով ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լորտ­նե­րու ըն­դար­ձակ­ման օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Խօ­սո­ւե­ցաւ նաեւ Ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցին խա­ղաղ ու բա­նակ­ցա­յին ճամ­բով ար­դար լու­ծում գտնե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։

Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին, խօ­սակ­ցու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցաւ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը յու­զող հար­ցե­րու վրայ։ Այս շրջա­գի­ծէն ներս եր­կուս­տեք յայտ­նո­ւե­ցաւ բաղ­ձանք, որ ­Յու­նաս­տա­նի ներ­կայ տնտե­սա­կան դժո­ւա­րին վի­ճա­կը ու­նե­նայ իր շու­տա­փոյթ բար­ւոք լու­ծու­մը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.