Խմբագրական. Սփիւռքի ինքնիշխան զօրաշարժի հրամայականը
- (0)

Փարիզի մէջ գումարուած Սփիւռքի համազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը պարզապէս հերթական հաւաք մը չէր, այլ կոչնակ՝ ուղղուած հայութեան հաւաքական գիտակցութեան։ Մերօրեայ աշխարհաքաղաքական փոթորիկներուն եւ հայրենի պետականութեան դիմագրաւած գոյութենական սպառնալիքներուն դիմաց, Սփիւռքը կը գտնուի պատմական շրջադարձի մը առջեւ։ Այսօր հրամայական է վերատեսութեան ենթարկել Սփիւռքի դերակատարութիւնը՝ զայն դուրս բերելով ոմանց ենթադրութեամբ անոր սոսկ օժանդակողի կամ նիւթական պաշարներ մատակարարողի նեղ ու սահմանափակ շրջանակէն։ Սփիւռքը պէտք է ձեւակերպէ իր կամքը որպէս ինքնուրոյն ռազմավարական գործօն, որ ունակ է ոչ միայն սատարելու, այլեւ ուղղորդելու համազգային նպատակներու հետապնդումը՝ ըլլալով ազդու եւ անշրջանցելի ուժ մը միջազգային թատերաբեմին վրայ։
Փարիզի մէջ հնչած պատգամները, որ կը շեշտէին Սփիւռքի վերակազմակերպման հրատապութիւնը, յստակ ուղենիշ կը հանդիսանան այս նոր տեսլականին համար։ Սփիւռքը պարտաւոր է դառնալ վճռակամ գործօն՝ ինքնակամ եւ ինքնիշխան մարմին, որ ունի քաղաքական իր սեփական օրակարգը։ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Ցեղասպանութեան արդար հատուցումը եւ պահանջատիրութիւնը չեն կրնար կախեալ ըլլալ Հայաստանի օրուան իշխանութիւններու դիւանագիտական տատանումներէն կամ մարտավարական ողորմելի նահանջներէն։ Սփիւռքը պէտք է հանդիսանայ այն անդրդուելի պատնէշը, որ թոյլ չի տար ազգային գերագոյն շահերու սակարկումը, ստեղծելով ուժային այնպիսի կեդրոն, որ աւելի բարձր է ներհայաստանեան քաղաքական վերիվայրումներէն կամ պետական կառոյցներու կողմէ ներթափանցման ու պառակտման փորձերէն։
Այս պատասխանատու ինքնիշխանութեան գաղափարը կ՚ենթադրէ նաեւ Սփիւռքի սեփական ներքին խնդիրներու առաջնահերթութիւն։ Հայապահպանումը, Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան վերականգնումը եւ մշակութային ինքնատպութեան պահպանումը պէտք չէ դիտուին որպէս երկրորդական հարցեր։ Ընդհակառակը, հզօր եւ կազմակերպուած Սփիւռք մը միայն փոխլրացուցիչ կրնայ ըլլալ հզօր ու զարգացող Հայաստանի մը կերտման։ Սփիւռքը պէտք է ունենայ յստակ գիտակցութիւն, որ իր կառոյցներու ամրապնդումը եւ երիտասարդ սերունդներու հայեցի կերտումը առանձին ճակատներ են, որոնք կը պահանջեն առանձնայատուկ ծրագրաւորում եւ հետեւողականութիւն։ Մեր համայնքները պէտք է վերածուին ինքնաբաւ միաւորներու, որոնք զօրակցելով հայրենիքին՝ չեն կորսնցներ իրենց ինքնակառավարման ղեկը եւ չեն դառնար պարզ գործիքներ իշխանական այս կամ այն օղակներու ձեռքին։
Փարիզեան այս խորհրդաժողովը վերջնականապէս հաստատեց, որ Սփիւռքի զօրաշարժը այլեւս անհրաժեշտութիւն է եւ ոչ թէ ընտրութիւն։ Մենք կոչուած ենք ստեղծելու այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր ազգային արժէքներով օժտուած իշխանութիւններու առկայութեան պայմաններուն մէջ հայրենիքն ու սփիւռքը պէտք է գործեն որպէս դաշնակիցներ, ուր Սփիւռքը միշտ կը պահէ իր բարոյական եւ քաղաքական անկախութիւնը։ Առանց ներքին թափանցումներու եւ առանց ենթակայութեան կապանքներու, Սփիւռքը պիտի շարունակէ իր զոհաբերութիւնը յանուն համազգային իտէալներուն, սակայն այդ մէկը պիտի ընէ որպէս գիտակից եւ ինքնակամ ուժ։ Միայն այսպիսի յարացոյցով է, որ կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել պատմութեան մարտահրաւէրները եւ ապահովել հայութեան մնայուն ներկայութիւնը համաշխարհային քարտէսին վրայ՝ որպէս ազդեցիկ ու յարգուած միաւոր։
«Հորիզոն»