Գանատայի խորհրդարանին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման տարեդարձը


Յունիս 2-ին Գանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան նուիրուած յատուկ հանդիսութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Գանատայի խորհրդարանի անդամներ եւ ծերակուտականներ: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:  Նորա Արուշեան բացման խօսքով հակիրճ պատմականը կատարեց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրման։

Գանատայի մօտ Հ.Հ. Դեսպան Արմէն Եգանեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հրաշքի համազօր էր այն իրողութիւնը, որ ի սպառ բնաջնջման եզրին գտնուող ժողովուրդի մը վերջին խլեակները ծառանան եւ փոխեն պատմութեան ընթացքը՝ կերտելով անկախ հայրենիքը: Դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի խորհրդարանին Ապրիլ 24-ը Գանատայի մէջ Հայկական ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելու առիթով։

Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ. Հարոլտ Ալպրէխթ յայտնեց, թէ Ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ ներկայ գտնուելով Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութեան, անդրադարձած է հայ ժողովուրդին մէջ անթեղուած վերապրելու կամքին։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան ներկայացուց միջազգային քաղաքական բեմին վրայ Հայ Դատի գծով ծաւալող զարգացումները եւ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.