1934-ին Վասպուրականի մէջ կը գործէր հայ յեղափոխական Շատախցի Ազատը
- (0)
Շատախցիներ

Շուտով, Պաղտիկ Սիմոնեան աչքի կը զարնէ իր խիզախութեամբ եւ յանդգնութեամբ: Շատախ վերադարձին, ան կը նշանակուի կազմակերպիչ, շրջիկ խմբապետ եւ շրջուն գործիչ: Շատախի ինքնապաշտպանական կռիւներուն եղած է զինուորական մարմինի անդամ, նաեւ նշանակուած է թռուցիկ խումբերու խմբապետ եւ Շահրուրա ինքնապաշպանական կռիւներու ղեկավար: Պաղտիկ իր ֆիզիքական աջակցութիւնը բերած է Պարսկական սահմանադրական եւ Օսմանեան յեղափոխութիւններուն:
Ցեղասպանութենէն ետք ան կը մասնակցի հայկական սփիւռքի կազմակերպման` ըլլալով իրաքահայ գաղթականներու ներկայացուցիչը: 1934-ին ան կը մեկնի Իրան, ուրկէ կ՛անցնի Վասպուրական` մասնակցելու համար քրտական շարժման քարոզչութեան եւ ապստամբութեան: Պաղտիկ Սիմոնեան միշտ եղած է ժողովուրդին ծառան եւ իր ազգի ու գաղափարի նուիրեալը: Ան մահացած է 1 մայիս 1976-ին, Պաղտատ, եւ թաղուած Ս. Գրիգորի եկեղեցւոյ բակը:
