Էրտողան Պատմաբաններու Հետ Պիտի Քննէ Հայկական Հարցը
- (0)

Նախագահը պատմաբաններէն պիտի պահանջէ, որ անոնք Թուրքիոյ դիրքաւորումն ու «1915ի ճշմարտութիւնները» ամբողջ աշխարհին պատմելու ուղղութեամբ աշխատանք տանին։ Այս առիթով ճաշասեղանի շուրջ պիտի քննարկուին նաեւ Երեւանի հանդիսութիւններուն մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիս պապին եւ շարք մը այլ ղեկավարներու հասցէագրուած Թուրքիոյ ազդարարագիրներուն հետեւանքները։