Անկարելի է պնդել, թէ 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չէին. Մահճուպեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիահապեր».- Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթյէն Մահճուպեան թրքական «Քարար» լրատուակայքին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Վատիկանեան պատարագին ընթացքին Հռոմի Ֆրանսիս պապի ելոյթին, որուն ընթացքին ան ըսած էր, թէ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը հայերուն դէմ կատարուած է:
Մահճուպեան նշած է, որ մինչ Պոսնիոյ կամ Տարֆուրի դէպքերը ցեղասպանութիւն կը համարուին, անկարելի է պնդել, թէ 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չէին:
«Վատիկան իր վրայէն նետեց հարիւրամեայ հոգեբանական ծանրութիւնը: Հիմա պէտք է հակառակ կողմէն նայիլ հարցին եւ ոչ թէ հարցնել, թէ ինչու է օգտագործուած ցեղասպանութիւն բառը, այլ՝ թէ ինչպէս Վատիկան 100 տարի խուսափած է այդ բառէն: Վատիկանը կրնար աւելի կանուխ ընել այդ մէկը, բայց չէր ըրած»:
Ան նշած է նաեւ, որ պապի խօսքերուն մէջ քաղաքական կողմ փնտռելը սխալ է, քանի որ թէ՛ հայերուն համար եւ թէ օտարներուն անիկա աւելի շատ հոգեբանական նշանակութիւն ունի:
100 տարի անց, պապին կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործումը, ըստ Մահճուպեանի էական նշանակութիւն չունի:
«Սակայն կարեւորը այդ բառը չէ: Կարեւորը անցեալէն դասեր քաղելով միասին ապագայ կերտելն է: Կարեւոր է 100 տարի առաջ տեղի ունեցածին միասին նայիլ: Կարեւոր է այսօր, այստեղ ապրող մարդոց իրարու հասկնալն ու հաղորդակցիլը», ընդգծած է Տաւութօղլուի խորհրդականը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.