Պապի Յայտարարութիւնը Խթան Պէտք Է Ըլլայ Օպամային. Հայ Դատ
1314
0
ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած պատարագը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող Ֆրանսիս պապին կողմէ Ապրիլ 12ին կատարուած յայտարարութիւնը, աւելցնելով, թէ այդ յայտարարութիւնը պէտք է խթան մը ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ յարգէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը, «վերջ տալով Անգարայի ուրացման արշաւին մեղասկից դառնալու ամօթալի ժամանակաշրջանին»։