«Թուրքիայէն կը պահանջենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ու հատուցում» յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս վատիկանի մէջ
Կիրակի, 12 Ապրիլ 2015-ի առաւօտ, Վատիկանի Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ, օտար թէ հայ հազարաւոր ներկաներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած պատարագի ընթացքին, Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքէն յետոյ խօսք առնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի եւ անուրանալի իրողութիւն մըն է՝ անջնջելի կերպով արձանագրուած 20-րդ դարու պատմութեան տարեգրութեան մէջ եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Հետեւաբար, որեւէ փորձ զայն ջնջելու կամ ուրանալու ձգտող պիտի ձախողի»։
Շարունակելով իր խօսքը Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Օսմանեան թուրք կառավարութիւնը ծրագրուած ու կազմակերպուած ցեղասպանութիւն մը գործադրեց հայ ժողովուրդին դէմ։ Ո՛չ միայն մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդուեցան, այլ նաեւ հազարաւոր եկեղեցիներ, վանքեր, ազգապատկան կալուածներ՝ ներառեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սիսի Կաթողիկոսարանը, կողոպտուեցան, քանդուեցան կամ բռնագրաւուեցան»։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ միջազգային օրէնքի համաձայն։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը իրարու հետ սերտօրէն շաղախուած են միջազգային օրէնքի համաձայն։ Մենք Ցեղասպանութեան ճանաչում ու հատուցում կը պահանջենք, այլ խօսքով՝ արդարութիւն։ Արդարութիւնը աստուածատուր իրաւունք է. արդարութեան բռնաբարումը մեղք է Աստուծոյ նկատմամբ»։
Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին Պատարագին սկիզբը կատարած յայտարարութեան, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է», Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եւ յիշեցուց, որ Պենետիկտոս 15-րդ Պապը 1915-ի ջարդերու ժամանակ նամակ յղած էր սուլթանին, հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ջարդերը դադրեցնելու։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով յիշեց հայ ժողովուրդին արդար դատին նկատմամբ Վատիկանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն։ Յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին առաջին բաժինին մէջ հայերէնով արտայայտուեցաւ, յիշելով նահատակներու դերը եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մէջ, նաեւ անդրադառնալով Ս. Գրիգոր Նարեկացիին որպէս մեծ աստուածաբան։
Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը արտայայտուեցաւ անգլերէնով։ Ցեղասպանութեան մասին երբ կը խօսէր Նորին Սրբութիւնը, յաճախակի կերպով իր խօսքը ծափողջոյններով ընդմիջուեցաւ։ Նշենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապը պատարագին սկիզբը խօսք առնելով յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, որմէ անմիջապէս յետոյ իր պատգամը ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Գարեգին Բ. Վեհափառը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր դատապարտումին ու ճանաչումին կարեւորութեան։ Խօսք առաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս Պատրիարքը: Ան խօսեցաւ Գրիգոր Նարեկացիի մասին, որ պատարագի ընթացքին Պապին կողմէ հռչակուած էր Եկեղեցւոյ Վարդապետ, տիտղոս մը որ պատմութեան ընթացքին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կողմէ քիչերուն է տրուած։
Մեր թղթակիցը կը հաղորդէ, թէ Պապին յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ ստեղծեց միջազգային մամուլի մէջ։ Տեղական թէ միջազգային մամլոյ օրկանները լայնօրէն անդրադարձան Պապին կատարած յայտարարութեան, Թուրքիոյ հակազդեցութեան, ինչպէս նաեւ այս շրջագծէն ներս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յայտարարութեան, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով։ Յայտնենք, թէ Պապին կողմէ մատուցուած Պատարագին ներկայ էր Հ.Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, կարտինալներ, եպիսկոպոսներ, պետական նախարարներ եւ զանզան համայնքներէ ժամանած պատասխանատուներ եւ ազգայիններ։
Նշենք, որ Շաբաթ, 11 Ապրիլ 2015-ին, կէսօրէ ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս հայկական, իտալական ու ֆրանսական մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ հակիրճ հարցազրոյց մը ունենալով, խոր գոհունակութեամբ անդրադարձած է Պապին կատարած յայտարարութեան, շեշտելով որ եկեղեցին արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հետ պէտք է ըլլայ միշտ։