Մինասեանի Խումբը Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը


4-07-15_minassianՂազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին, Թոփոլ իր դաշտին վրայ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Քարաքանտայի Շախտիորին:

Այս յաղթանակը Վարդան Մինասեանի խումբին համար առաջինն էր ընթացիկ տարեշրջանին:

Այս հանդիպումին վնասուածքի պատճառով չմասնակցեցաւ Թոփոլի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան:

Նշենք, որ Շախտիորի միակ կոլը նշանակեց Ղազախստանի պատանեկան հաւաքականի ֆութպոլիստ Գէորգ Նաճարեան:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Թոփոլ 5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը, մինչ Շախտիոր 1 կէտով կը գտնուի 12-րդ դիրքին վրայ:

 

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.