«Տիարպեքիրի Օրինակը Ցոյց Տուաւ, Որ Ցեղասպանութեան Մասին Յիշողութիւնը Շատ Թարմ Է», Կ՚ըսէ Բագրատ Էստուքեան


Ստորեւ կը ներկայացնենք բաժնի խմբագիր Բագրատ Էստուքեանի armedia.am-ի հետ հարցազրոյցը։

– Ի՞նչ նպատակով ժամանած էք Երեւան։

– Երեւան կ՚այցելեմ 2 քիւրտ պատմաբաններու՝ Նամըք Տինչի եւ Այհան Իշըքի հետ, որոնք այստեղ պիտի ներկայացնեն իրենց գիրքը։ Նամըք Տինչ եւ Փարիզի մէջ ապրող անոր ընկերը՝ Ատնան Չերիք, ցեղասպանութեան մասին Տիարպեքիրի մէջ հաւաքագրուած բանաւոր պատմութիւններէն հիւսուած գիրք խմբագրած են։ Ատիկա բանաւոր պատմութիւններու յստակ շարադրութիւն չէ, այլ քաղուածքներ է այդ բանաւոր պատմութիւններէն։ Գիրքի խորագիրն է «Հարիւրամեայ ախը»։ Գիրքին մէջ ներկայացուած է, թէ 1915 թուականին ինչ պատահած է Տիարպեքիրի մէջ։ 
Ցեղասպանութեան մասին Տիարպեքիրի քիւրտերու յուշերը դարձած են այս գիրքի նիւթը։

Անոնք Տիարպեքիրի մէջ խօսած են 70 քիւրտերու հետ եւ զարմանքով արձանագրած, որ Տիարպեքիրի մէջ 1915-ին մասին յիշողութիւնները շատ թարմ են՝ հակառակ ցեղասպանութիւնը ուրանալու, ժխտելու՝ Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան։ Տիարպեքիրի օրինակը ցոյց տուաւ, որ Ցեղասպանութեան մասին յիշողութիւնը շատ վառ է, դէպքերը մանրամասնութեամբ կը յիշուին, զրոյցներու ընթացքին մարդիկ անուններ կը նշեն եւ այլն։ 

Բացի այդ՝ հեղինակները մտադիր են նմանօրինակ աշխատանք կատարել Վանի մէջ։ Անոնք կ՚ուզեն այժմ Վանի մէջ բնակող քիւրտերուն հարցնել 1915 թուականի մասին, ապա Հայաստանի մէջ ապրող վանեցիներուն հարցնել իրենց յիշողութիւններու մասին։ 

– Քաղաքական մակարդակի վրայ ի՞նչ դիրքորոշում ունին քիւրտերը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ։ 

– Քիւրտերը միայն մէկ կուսակցութիւն չունին, անոնք քանի մը հատ են։ Քրտական իշխող քաղաքական միտքը շատ բարեացակամ է հայերու նկատմամբ, որովհետեւ լեցուն է հայերու նկատմամբ մեղանչման, զղջման զգացումներով։ Անոնք կը գիտակցին իրենց նախնիներու ունեցած դերակատարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ ։

– Ինչպիսի՞ են տրամադրութիւնները Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին։ Արդեօ՞ք կրնանք ըսել, որ թուրք հասարակութեան ծիրին մէջ աշխուժացած են քննարկումները ցեղասպանութեան շուրջ։ 

– Ո՛չ, չենք կրնար։ Ատիկա կրնանք ըսել միայն մտաւորական որոշ զանգուածի մը համար։ Ցեղասպանութիւնը ընդունող, խոստովանող, մեղանչող եւ ներողութիւն խնդրող զանգուած կայ, սակայն ասիկա չի վերաբերիր բոլոր թուրքերուն։

Շատ կարեւոր է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները ինչպէս կը ներկայացուին թուրքերուն, որովհետեւ պետութեան դիրքորոշումը յստակ է եւ յայտնի բոլորիս։ Հետեւաբար շատերու համար այդ դիրքորոշումը գոհացուցիչ է, եւ անոնք կը հետեւին այդ դիրքորոշման։ Մենք կը կարծենք, որ այս տարի Ապրիլի 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկները աւելի զանգուածային պէտք է ըլլան, աւելի մեծ թիւով մարդիկ պէտք է մասնակցին։ Թուրքիոյ «Մարդու իրաւունքներու միութիւնը» թրքական 28 քաղաքներու մէջ կազմակերպած է ձեռնարկներ, որոնցմէ երկուքին մէջ, հանրահաւաքէն բացի, նաեւ քայլարշաւ պիտի կատարուի։ Ես կը կարծեմ, որ այս բոլոր ձեռնարկները որոշ հետաքրքրութիւն պէտք է յառաջացնեն, որովհետեւ ատոնք բնականաբար պէտք է լուսաբանուին տեղական լրատուամիջոցներու կողմէ։

Նախապէս «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելը անգամ յանցանք կը համարուէր, այսօր արդէն անցած ենք այդ սահմանը, մարդիկ աւելի համարձակ կերպով կը խօսին, կը գրեն եւ աւելի համարձակ բանավէճ կը կատարեն։ Թուրքիոյ մէջ այս թեմայի բացայայտ եւ համարձակ շօշափումը կարեւոր յառաջխաղացք է մեզի համար։ Միւս կողմէ, սակայն, պետութիւնը կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը։

– Որոշ մասնագէտներ կը կարծեն, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Հայաստանի համար աւելի նախընտրելի է, քան ազգայնականները։ Որքանո՞վ իրական է այս տեսակէտը։ 

– Ասիկա որոշ չափով իրականութեան համապատասխանող տեսակէտ է, որոշ չափով ալ՝ ոչ։ Այս կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխ եկաւ՝ յաղթահարելով ազգայնական կարծրատիպերը։ Անոնք իշխանութեան եկան՝ ըլլալով ընդդիմադիր շարժում։ Սակայն անցեալ 12 տարիներու ընթացքին անոնք հետզհետէ դուրս եկան այդ ընդդիմադիր դիմագիծէն եւ դարձան նոյնը՝ իւրացնելով պետութեան նախկին կարծրատիպերու կարեւոր մէկ մասը։ Այս իմաստով, ճիշդ է, որ իրենք որոշ չափով յաղթահարեցին ազգայնական, քեմալական գաղափարախօսութիւնը, սակայն կարելի է ըսել, որ իրենք ալ որոշ չափով կիսեցին այդ գաղափարախօսութիւնը։ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այլեւս ընդդիմադիր շարժում չէ, հետեւաբար յառաջդիմական չէ, հակառակը՝ յետադիմական, պահպանողական է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.