Իսլամացած են Կէլկէլեան, Երէմեան եւ Միքայէլեան ընտանիքները


«ՀՈՐԻԶՈՆ» – Հայկական Ցեղասպանութեան դէպքերու մանրամասնութեանց հարուստ աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ Սեպտեմբեր եւ հետագային՝ 1919-1925:
Ծածկանուններով թերթին աշխատակցած են Լիպարիտ Նազարեանց, Շաւարշ Միսաքեան, Զապէլ Եսայեան, Վահագն Քրմոյեան եւ ուրիշներ:

«Հայկական հարց», «Երկիր», «Մեծ ճգնաժամը» խորագրով թերթի մնայուն սիւնակները կը ներկայացնեն Մեծ Եղեռնի օրերուն պատահած պատմական նշանակութիւն ներկայացնող եղելութիւններ:

Մեծ Եղեռնի 90-ամեակի օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, թերթի հարազատ ծաւալով վերահրատարակեց Հայաստանի 1915-ի հաւաքածոն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 1915-ի թիւերէն քաղուած տեղեկութիւններ:

* * *

Մարզուանի 1500 տուն հայ բնակչութենէն այսօր ոչինչ է մնացեր, բացի քանի մը ջոջ ընտանիքներէ, որոնք դրամի ուժով իսլամացած եւ կրցած են իրենց մորթը ազատել:

Իսլամացած են Կէլկէլեան, Երէմեան եւ Միքայէլեան ընտանիքները:

Անհետացած են Ճիզմէճեան,, Քիրէմիթճեան, Պօղոսեան եւ նախկին փրոֆէսէօր Կիւլլեան, զորս կը կարծուի թէ սպանած են բանտին մէջ: Սպանուած են նոյնպէս ամերիկեան քաղաքացի փրոֆէսէօր Սրօզեան եւ քարոզիչ Գէորգ Տէմիրճեան:

Գիշեր մը կը ձերբակալուին բոլոր հայ մտաւորականները եւ առտուն ճամբայ կը հանուին դէպի Սեբաստիա: Բայց 3 ժամ հեռուն, բաց դաշտին մէջ, կը նահատակուին ամէնքն ալ:

Երկրորդ անգամ կը հաւաքեն 15-18 եւ 45-60 տարեկանները: Ասոնք ալ ճամբայ կը հանեն »դէպի Սեբաստիա«…

«Հայաստան»,

Շաբաթ, 5 Սեպտեմբեր 1915


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.