Հայերու իսլամացումը Մեծ Եղեռնի օրերուն
«ՀՈՐԻԶՈՆ» – Հայկական Ցեղասպանութեան դէպքերու մանրամասնութեանց հարուստ աղբիւր եղած է Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեան, որ հրատարակուած է 1915-ի Մարտէն մինչեւ Սեպտեմբեր եւ հետագային՝ 1919-1925:
Ծածկանուններով թերթին աշխատակցած են Լիպարիտ Նազարեանց, Շաւարշ Միսաքեան, Զապէլ Եսայեան, Վահագն Քրմոյեան եւ ուրիշներ:
«Հայկական հարց», «Երկիր», «Մեծ ճգնաժամը» խորագրով թերթի մնայուն սիւնակները կը ներկայացնեն Մեծ Եղեռնի օրերուն պատահած պատմական նշանակութիւն ներկայացնող եղելութիւններ:
Մեծ Եղեռնի 90-ամեակի օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, թերթի հարազատ ծաւալով վերահրատարակեց Հայաստանի 1915-ի հաւաքածոն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք 1915-ի թիւերէն քաղուած տեղեկութիւններու փունջ մը:
* * *
Իսլամացումը
Թուրք կառավարութիւնը, ըստ երեւոյթին, որոշած է ամբողջ հայ ժողովուրդը տեղահան ընել: Բացառութիւն կը լինի միայն անոնց համար, որոնք մահմետականութիւն կ՚ընդունին: Այդ է պատճառը որ վերջին օրերը բազմաթիւ հայերը կը «թրքանան»: Այսպէս, Կիրասոնի չորս հարիւր տունէն երկու հարիւրը մահմետականացած է, իսկ միւսները քշուած են: Օրդուի երկու հարիւր քսան տունէն մահմետականացած է հարիւր վաթսունը: Սոսկալի լուրեր կու գան նաեւ Սամսոնէն, Տրապիզոնէն, Իւնեայէն եւ ուրիշ տեղերէ:
«Հայաստան»,
1 Յուլիս 1915
Իսլամացումը
Կեսարիոյ շրջանի մէջ 500 հայ ընտանիքներ իսլամացած են:
«Հայաստան»,
19 Սեպտեմբեր 1915