«Մի-24» Ուղղաթիռի Անձնակազմի Անդամները Յետ Մահու Պարգեւատրուեցան
1216
0
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 Նոյեմբերին ստորագրած է հրամանագիր, համաձայն որուն, «Արիութեան համար» մետալով յետմահու պարգեւատրուած են Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի խախտման իբրեւ հետեւանք ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ջախջախուած «Մի-24» ուղղաթիռի անձնակազմի անդամներ Սերգէյ Սահակեանը, Սարգիս Նազարեանը եւ Ազատ Սահակեանը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքը: