Աթոմակայանի Վերանորոգման Ռուսիա Պիտի Յատկացնէ 300 Միլիոն Տոլար
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Մինչեւ 2014ի աւարտը Հայաստան յոյս ունի Աթոմային ելեկտրակայանի գործող երկրորդ պլոքի ֆինանսաւորման համար Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն ստորագրել: 12 Նոյեմբերի խորհրդարանական նիստին այս մասին յայտարարած է ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեանը: Անոր համաձայն՝ այդ գումարէն 270 միլիոնը պիտի ներգրաւուի վարկի տեսքով, 30 միլիոնը՝ յատկացման:
Նշենք, որ Հայկական Աթոմային ելեկտրակայանի շահագործման ժամկէտը յաւելեալ 10 տարիով երկարաձգելու (մինչեւ 2026) որոշումը տրուած է կառավարութեան կողմէ՝ 13 Սեպտեմբեր 2013ին: Նոյն տարուան Սեպտեմբերի սկիզբը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին յայտարարած է, որ «Ռոսատոմի» մասնագէտները պիտի օգնեն՝ անոր համար անհրաժեշտ թեքնիք նախագիծ մշակելու: