Հայերու Եւ Ասորիներու Ցեղասպանութիւնները Շուէտի Մէջ Միասնաբար Նշելու Կոչ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը գրեթէ ամէն օր լեցուն է Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ նախատեսուած պատրաստութիւններու լուրերով։ Բովանդակ հայ աշխարհը ոտքի կանգնած է, որպէսզի ամբողջ աշխարհը հրաւիրէ հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն եւ անգամ մը եւս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջէ ամբողջ աշխարհէն։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10ին, «Տեմոքրաթհապեր» կայքին վրայ Հրանդ Գասպարեանի կողմէ պատրաստուած լրատուութենէն կը տեղեկանանք, որ Շուէտի մէջ ասորիներն ու սրիանիները եւս ոտքի կանգնած են, որպէսզի Շուէտ, յառաջիկայ տարուան Ապրիլ 24ի ոգեկոչումներուն ընթացքին, Հայկական Ցեղասպանութեան հետ միասին յիշէ նոյն թուականին ասորիներու եւ սրիանիներու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը։ Ասորիները իրենց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը «Սէյֆօ» կը կոչեն։
Շուէտի Եւրոմիութեան նախկին նախարար Էվա Պիրկիթա Օլսոն եւ սրիանի երեսփոխան Ռոպերթ Հաննա միասնաբար Շուէտի խորհրդարան յղած են դիմումնագիր մը, որով կը պահանջեն միասնաբար նշել հայերու ու ասորիներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ այս նիւթին շուրջ ցուցահանդէս մը կատարել։ Դիմումնագիրին մէջ անոնք նշեցին, թէ 1915ի ցեղասպանութեանց ընթացքին սպաննուեցան աւելի քան մէկ միլիոն հայեր, նաեւ հարիւրհազարաւոր ասորիներ, սրիանիներ, քլտանիներ եւ պոնտոսցի յոյներ։
Դիմումնագիրին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ այս ցեղասպանութիւնը եւ դիւանագիտական ամէն ճիգ կը վատնէ, որպէսզի միւս երկիրներն ալ իւրացնեն Թուրքիոյ այս դիրքորոշումը։
Երկու երեսփոխանները դիտել տուած են, թէ կարեւոր է Շուէտի նման ժողովրդավար երկիրի մը համար դիրք գրաւել Թուրքիոյ ժխտումի քաղաքականութեան դէմ։