«Մեսթըր Քարտ»ը Տեղի Կու Տայ Ատրպէյճանի Սպառնալիքներուն Դէմ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վճարումներու միջազգային «Մեսթըր Քարտ» համակարգը տեղի տուած է Պաքուի սպառնալիքներուն դէմ եւ իր համակարգէն վերցուցած է Արցախի քաղաքները իբրեւ Հայաստանի մէկ մասը ներկայացնող բաժինը:
«Մեսթըր Քարտ»ը նախապէս Հայաստանի քաղաքներուն շարքին դասած էր Ստեփանակերտը, Շուշին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միւս քաղաքները։ Այժմ որոնողական համակարգէն վերցուած են Արցախի քաղաքներուն անունները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.