Լոյս Տեսաւ «Պատմագիրք Կիւրինի» Հատորը


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն վերջերս լոյս տեսաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի մատենաշարի 7րդ հատորը՝ «Պատմագիրք Կիւրինի» խորագիրով:
Կիւրինը ճանչցուած է իբրեւ պատմական Փոքր Հայքի գաւառ եւ գաւառակ՝ Սեբաստիոյ նահանգի: 1915ի ջարդերուն եւ տեղահանութեան ընթացքին ունեցած է շուրջ 15 հազար հայ բնակչութիւն:
Փոքր Հայքի պատկանող այս հնադարեան քաղաքը բախումներու, ձուլումի, մշակութային ու ընկերային յարաբերութիւններու, առեւտուրի, արհեստներու եւ արուեստներու զարգացման կարեւոր ու փոխազդեցութեան գործօն կայան եղած է:
1915ի Ցեղասպանութենէն արեւմտահայ հատուածին փրկուած մնացորդացը հազիւ ինքզինք վերագտած՝ սկսաւ գրի առնելու պատմութիւնը հայ բնակչութենէն պարպուած կարեւոր շրջաններուն ու քաղաքներուն, որովհետեւ կազմակերպուած զանգուածային ջարդերուն առընթեր, թուրք իշխանութիւնները հրահանգած էին նոյն վայրագութեամբ ջարդել նաեւ հնադարեան արուեստի կոթողներն ու մշակութային հարստութիւնները:
Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ գաւառներու եւ քաղաքներու հայրենակցական միութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած տասնամեակներուն հրատարակած են իրենց շրջաններուն յուշամատեանները, ուր տեղ գտած են ո՛չ միայն իրենց հայրենի քաղաքներու պատմութիւնը, այլեւ անոնց ընկերային-մշակութային զանազան երեսակները ընդգրկող տուեալները: «Պատմագիրք Կիւրինի» հատորը յաջողեցաւ ընթերցողին փոխանցել այդ շունչն ու ոգին՝ Ցեղասպանութենէն ազատած հայ տառապեալին հոգիին մէջ:
«Պատմագիրք Կիւրինի» հատորը տպագրուած է մեկենասութեամբ Յակոբ եւ Օհան Տէր Աբրահամեաններու: Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան:
Անթիլիասի տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին Վասպուրականի եւ Մարաշի յուշամատեանները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.