Այվազեան. TRIPP-ի մէջ միջանցքի գաղափարի բացակայութիւնը չի բացառեր միջանցքային կախուածութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ — TRIPP նախագիծին առնչուող չորս հիմնական չափանիշները՝ ինքնիշխանութիւնը, տնտեսական արդիւնքը, հաւանական զարգացումները եւ ռազմավարական ընտրութիւնը, իրենց մէջ էական վտանգներ կը պարունակեն, յայտարարած է Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան՝ «Մտորումներ TRIPP-ի մասին» խորագրով քննարկման ընթացքին։

Այվազեան յիշեցուցած է, որ մինչեւ TRIPP-ի ի յայտ գալը Անգարան եւ Պաքուն առաջ կը մղէին եւ կը շարունակեն առաջ մղել այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի գաղափարը։

«Այսօր ձեւական առումով գործ ունինք իրաւական եւ հաստատութենական այլ կառոյցի հետ։ Սակայն կարելի չէ բացառել, որ ժամանակի ընթացքին այս ենթակառուցուածքը հարեւաններուն կողմէ ստանայ իրենց առաջ մղած միջանցքային տրամբանութեան բնորոշ գործառոյթները», ըսած է ան։

Նախկին արտգործնախարարին համաձայն՝ փաստաթուղթերուն մէջ «միջանցք» հասկացութեան բացակայութիւնը ինքնին չի նշանակեր, որ Հայաստան զերծ պիտի մնայ միջանցքային բնոյթի կախուածութենէ։

«Միջանցքի գաղափարի բացակայութիւնը չի բացառեր միջանցքային կախուածութիւնը։ Ինքնիշխանութիւնը միայն այն չէ, ինչ գրուած է փաստաթուղթերուն մէջ. ան պետութեան տարածքին տեղի ունեցող գործընթացներուն նկատմամբ իրական վերահսկողութիւն ունենալու կարողութիւնն է։ Կարելի է պահպանել դրօշը, օրէնքներն ու սահմանը եւ միաժամանակ թոյլ տալ այնպիսի տնտեսական ենթակառուցուածքի ձեւաւորում, որ հետագային անկարելի դարձնէ լիարժէք սեփական քաղաքականութիւն վարելը», ընդգծած է Այվազեան։