5 Ապրիլի Սահմանադրական Հանրաքուէն Պիտի Յետաձգուի

5 ապրիլին նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն պիտի յետաձգուի: Այս մասին Մարտ 16-ին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` Ազգային ժողովի յատուկ նիստին` ի պատասխան «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանի հարցումին:

Վարչապետը նշեց, որ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ կարելի չէ հանրաքուէ կատարել: Ան ըսաւ, որ արտակարգ դրութեան աւարտէն ոչ առաջ քան 50 օր եւ ոչ ուշ քան 60 օրուան ընթացքին պիտի կատարուի հանրաքուէ:

Այդ կը նշանակէ, որ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 24 յունիսէն մինչեւ 4 յուլիս երկարող ժամանակաշրջանին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.