Հայաստանի Մէջ Աւելցած Է Թէ՛ Ամուսնութիւններու Եւ Թէ՛ Ամուսնալուծումներու Թիւը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Հայկական ժամանակ».– Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան՝ այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 2 հազար 468 ամուսնալուծութիւն, ինչ որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն 646ով կամ 35 տոկոսով աւելի է:
Արդարադատութեան նախարարութիւնը այս առիթով դիմած է կառավարութեան՝ ամուսնալուծումներու վկայականներու տպագրութեան համար յաւելեալ 1.1 միլիոն դրամ տրամադրելու:
«Ներկայ դրութեամբ քաղաքացիներին տրամադրուող ամուսնալուծութեան վկայականները չեն բաւարարում անհրաժեշտ քանակութիւնը, իսկ 2014 թուականի առաջին կիսամեակի կտրուածքով պոլիգրաֆիական որոշ արտադրանքներ օգտագործուել են աւելի քիչ, քան նախատեսուած էր տարեսկզբին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմից:
Նախագծով առաջարկւում է կրճատել հաստատուած ծրագրով նախատեսուած քաղաքացիական կացութեան ակտերի գրանցման, իրաւաբանական անձանց պետական գրանցման գործընթացներում, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան գործունէութեան ընթացքում օգտագործուող պոլիգրաֆիական որոշ արտադրանքներ եւ կրճատման արդիւնքով առաջացած ձեռքբերման համար նախատեսուած ընդհանուր գումարից 1114.2 հազ. դրամը նպատակաուղղել ամուսնալուծութեան վկայականների տպագրման աւելացմանը», նշուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.