Ատրպէյճան Կը Բողոքէ Լաթվիոյ Խորհրդարանի Անդամներուն Արցախ Այցելութեան Դէմ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լաթվիոյ խորհրդարանի Լաթվիա-Արցախ բարեկամութեան խմբակի պատուիրակութեան այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ անհանգստացուցած է Պաքուն, որուն արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքած է այս այցին դէմ՝ Լաթվիոյ իշխանութիւններէն բացատարութիւն պահանջելով այդ մասին:
Լաթվիոյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է, թէ այցելութիւնը կատարուած է խորհրդարանականներու անձնական նախաձեռնութեամբ եւ չունի պաշտօնական բնոյթ, միաժամանակ նշելով, թէ երկիրի պաշտօնական դիրքորոշումը՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, կը մնայ անփոփոխ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Սեպտեմբեր 1ին ընդունած էր պատգամաւորական բարեկամութեան խմբակի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ կարեւոր համարելով խմբակի գործունէութիւնը՝ Արցախի եւ Լաթվիով միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման առումով:
Հանդիպման ընթացքին քննուած են նաեւ բարեկամութեան խմբակի որոշ գործնական ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններն ու հեռանկարները:
Կարէն Միրզոյեան անդրադարձած է ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին, ինչպէս նաեւ՝ ԼՂՀ միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ վերջին շրջանին արձանագրուած ձեռքբերումներուն: