Հանդիպում Գանատայի արտաքին գործերու պետական նախարար Լինն Ելիչի հետ


Օգոստոս 26-ին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի անատայի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցան Գանատայի արտաքին գործերու պետական նախարար Լինն Ելիչի հետ։ Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան գանատահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս ծրագրուած եւ ընթացքի մէջ եղող աշխատանքները։ Նախարարուհի Ելիչ իր բարձր գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեց գանատահայութեան։

Հայկական Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մհեր Գարագաշեան, Ռուբէն Գույումճեան եւ Յակոբ Արսլանեան: Հանդիպման ներկայ՝ էր նաեւ նախարար Ելիչի գրասենեակի վարչական պաշտօնատարներէն Սարօ Խաչատուրեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.