ՀՅԴ «Սերժ Գալուստեան» Բանակավայրի Բացում Քանաքեռաւանի Մէջ
18 Օգոստոս 2014ին Հայաստանի Կոտայքի մարզի Քանաքեռաւանի շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ «Սերժ Գալուստեան» բանակավայրին: Առաջին անգամ ըլլալով ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութիւնը 140 պատանիներով եւ 30 պատասխանատուներով սկսաւ իր բանակումին:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութեան ատենապետն ու վարչական անդամները, Սերժ Գալուստեանի ընտանիքը, հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր եւ ընկերներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինի ատենապետ Սիմոն Գաֆալեան: Ան նշեց, թէ իրենց որոշումով Հայաստանի պատանեկան միութիւնը իր այս տարուան բանակումը կը նուիրէ Սերժ Գալուստեանի յիշատակին եւ առաջին անգամ ըլլալով կատարեց բանակավայրի բացումը:
Ապա խօսքը փոխանցեց Սերժ Գալուստեանի կնոջ՝ Արին Գալուստեանին: Ան իր խօսքին մէջ նշեց բանակավայրի գաղափարի յղացման տուն տուող պատճառները եւ ըսաւ, թէ Սերժի ապաքինման ծախսերուն համար գոյացած գումարով իրենց ընտանիքը որոշած է այդ հողատարածքը գնել եւ տրամադրել ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, որպէսզի գործածուի ՀՅԴի եւ անոր ուղեկից միութիւններու պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններու կողմէ՝ իբրեւ բանակավայր, եւ պատանիները հայրենի հողին վրայ դաստիարակուին հայրենաշունչ ոգիով, ինչ որ Սերժի եւ իր գաղափարակից ընկերներուն փափաքը եղած է:՚
Հայաստանի Գերագոյն մարմինին անունով խօսք առաւ Լիլիթ Գալստեան: Ան կարեւորութեամբ խօսեցաւ բանակումներու դաստիարակչական դերին մասին եւ ըսաւ, որ ՚Սերժ Գալուստեան իր կեանքի ընթացքին միշտ հաւատացած է պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան կարեւոր գործին, իր ներդրումը ունեցած է եւ այս բանակավայրի գոյութիւնը լաւագոյն ձեւն է, որ ընկերոջ յիշատակը միշտ անթառամ մնայ սերունդներու մօտ: Ան ըսաւ, թէ վստահ է, որ մօտ ապագային միացեալ ճիգերով կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել եւ կառուցել բանակավայրը:
Ապա խօսք առաւ Քանատայէն Հայաստան հաստատուած Հրաչ Ճապրայեան («Տանտի Փրեշըս» ընկերութեան տնօրէն), որ սիրայօժար կերպով արդէն իսկ տրամադրած է շուրջ 6000 տոլար՝ բանակավայրի ցանկապատման աշխատանքներուն եւ լոգարաններու շինութեան համար: Ան իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն՝ յաջողութիւն մաղթեց եւ կարեւոր նկատեց գիտակից հայու եւ հայրենիքի պաշտպանութեան պատրաստ ըլլալու հանգամանքը:
Ներկաներէն ոմանք կատարեցին նուիրատուութեան խոստումներ: